Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԺԱՐԱԾ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկի, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլլա Վերոնքովայի հետ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ֆահմի կ՛ողջունէ, շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կ՛արժեւորէ տեղեկատուական մարզի բոլոր ներկայացուցիչները, լրագրողներն ու խմբագիրները` «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու առումով անոնց կազմակերպած արշաւներուն, տարածած տեղեկութիւններուն եւ համաճարակի ու տնտեսական տագնապի օրերուն իրենց աշխատանքը շարունակելու եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարը շարունակելու համար:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը կը մնայ կայուն, իսկ 98 օքթան պենզինը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութն ու կազը` 300 լ. ոսկիով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ ժողովուրդին մէջ տագնապներ հրահրող ուժերը իրենց փափաքները պիտի չիրականացնեն` լիբանանեան ընկերութիւնը մասնատելով եւ զայն քաղաքական իր ղեկավարութենէն հեռացնելով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումին պատճառներուն մասին հարցումը պէտք է ուղղել վարչապետ Սաատ Հարիրիին, իսկ «մեր միակ պահանջն է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին համար նոյն չափանիշները որդեգրուին»:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք յոյսի ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը պարտադիր անցք մըն է` դուրս գալու համար Լիբանանի մէջ տիրող կացութենէն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Եասին Ժապեր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կարիք կայ սպասելու, եթէ կառավարութեան նպատակը յստակ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կարելի չէ վայրի եւ ժամկէտի առումով սահմանափակել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը յաջող ընթացած է` հակառակ շրջափակումին եւ պատժամիջոցներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին բացայայտելու իր ունեցած տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին հիւսիսային Լիբանանէն Սուրիա կատարուող մաքսանենգումին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր ականջները Ռիատէն Ուաշինկթըն «թեքեց». այս քայլին իբրեւ հետեւանք մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը պիտի չկազմուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն վախնալ, ապա կրնան վեց ամիսներ անցնիլ, եւ կառավարութիւնը չկազմուի:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, կառավարական հեղինակութիւն մը նախարարի պաշտօնակատարներուն յորդորած է շարունակել իրենց նախարարութիւններուն աշխատանքները, որովհետեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կեանքը պիտի երկարի մինչեւ 21 փետրուար 2021:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը ի զօրու է: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ նոր կառավարութիւնը կազմելու առումով ջանքերը կը շարունակուին, եւ կը նախատեսուի, որ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով այդ կառավարութիւնը կազմուի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ վերջին հանդիպումին ընթացքին կառավարութեան կազմութեան մասին խորհրդակցութիւնները վերադարձան զերօ կէտին:

Նախորդը

Ակնարկ. Հայաստան Եւ Արցախ` Յետ Նիկոլ Եւ Արայիկ Փուլի Սեմին

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Կը Դիմագրաւենք Դժուար Փուլ Մը, Որուն Ընթացքին Կարիքը Ունինք Պատրաստ Ըլլալու, Համբերելու Եւ Իմաստուն Կերպով Վարուելու»

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.