Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանագծումի բանակցութիւնները, որոնք ընթացան անցեալ չորեքշաբթի օր, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Քիւպիչի պատրաստած տարեկան տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Նախագահ Աուն եւ Քիւպիչ անդրադարձան նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ բանեցուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն:
Նախագահ Աուն Քիւպիչին ցաւակցութիւն յայտնեց Սինայի վերեւ խաղաղապահ ուժեր փոխադրող ուղղաթիռին ջախջախումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով մայրաքաղաքի քանդուած բաժինները վերանորոգելու եւ վերակառուցելու, ինչպէս նաեւ հատուցումներ կատարելու հարցերը:
Սահնաուի յայտնեց, որ նախագահ Աուն կ՛աշխատի յաւելեալ 150 միլիառ լ. ոսկի ապահովել` դիւրացնելու համար պայթումէն տուժածներուն տունդարձը:



