Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեանի Բոլոր Գաղափարները, Եթէ Այդպիսիք Կային, Ձախողած Են» Կ՛ըսէ Քալաշնիքով

November 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի մուտքը ծայրայեղ միջոց դարձաւ, որովհետեւ կողմերը չէին կրնար համաձայնիլ մարտերը դադրեցնելու շուրջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքով:

«Կը կարծեմ, ի հարկէ, ոչ ոք կ՛ուզէ իր ժողովուրդը եւ իր քաղաքացիները վտանգել: Այս պարագային մենք ատոր դիմեցինք բացայայտ անհրաժեշտութենէ մեկնելով, որովհետեւ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը չէին կրնար համաձայնիլ», ըսած է երեսփոխանը:

Քալաշնիքով ընդգծած է, որ խաղաղապահ զօրակազմը կը տեղադրուի, թէ՛ Երեւանի, թէ՛ ալ Պաքուի համաձայնութեամբ:

«Որովհետեւ հակառակ պարագային մենք երկու կողմէն ալ որոշակի սադրանքներ պիտի տեսնէինք: Հիմա պիտի որոշուի (սահմանազատման) այդ գիծը, քիչ թէ շատ որոշ յարաբերութիւնները պիտի կառուցուին զինադադարի վրայ, այն հիմքով, թէ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է վերահսկել: Սակայն ատիկա աւելի լաւ է, քան մարդոց մահը», շեշտած է խորհրդարանականը:

Քալաշնիքով նաեւ նշած է, որ Փաշինեան «անկարողութեան, անփորձութեան կամ ընտրական պատճառներէ մեկնելով» նախապէս կատարած է քայլեր, որոնք Ազրպէյճանին ստիպած են եզրակացնել, որ «Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի չըլլան»:

«Ի հարկէ, ասիկա այժմ կը տկարացնէ Փաշինեանը, որովհետեւ անոր բոլոր գաղափարները, եթէ այդպիսիք կային, ձախողած են», աւելցուցած է ռուս երեսփոխանը:

Նախորդը

«Ազրպէյճանցի Երեսփոխանի Հակաիրանեան Խօսքը Նախապատրաստուած Է Իսրայէլի Կողմէ» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Մը

Յաջորդը

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Մասին` «Կովկասի Մէջ Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.