Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՔԹ. ՍԵՐԺ ՏՈՒԼԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀՈՐՄՈՆԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

January 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով`  Ռապիէի, Ծաղկաձորի, Անթիլիասի եւ մերձակայքի հայաբնակ շրջաններու ԼՕԽ-ականները առիթը ունեցան միասնաբար լսելու առողջապահական բնոյթի յատուկ դասախօսութիւն մը: Արդարեւ,  կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ  «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի  նախազգուշական  բաժանմունքին ու        գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Գայեանէ» եւ  «Արցախ» մասնաճիւղերուն, դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 20 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»  մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց  սրահին մէջ, Ծաղկաձոր, Մզհեր:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ  Յասմիկ Մկրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, կրկին շնորհակալութիւն յայտնելով  սոյն ձեռնարկի հովանաւոր մեկենասներ` ԱՖՀԻԼ-ին, փուռ Իշխանեանին, «Թրէյտ փլաս»-ին եւ ԼՕԽ-ի  մէկ բարեկամին: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօս տոքթ.  Սերժ Տուլեանը, Մկրեան յիշեցուց, թէ անոնք, որոնք յաջորդաբար երեք անգամ ներկայ կը գտնուին սոյն դասախօսութեանց, կրնան  ձրի  արեան քննութեան ենթարկուիլ:

Շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ.  Սերժ Տուլեան, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ  հորմոնային խանգարումներու ազդեցութեան մասին, յատկապէս` արական թէ իգական սեռային առողջութեան վրայ:  Սլայտներու օգնութեամբ բացատրելէ ետք մարդկային մարմնի սեռային համակարգի  աշխատելակերպը, տոքթ. Տուլեան ծանօթացուց  սեռայնօրէն գրգռիչ «թեսթոսթերոն» եւ «էսթրոժեն» հորմոններն ու զսպիչ  «փրոլաքթին» հորմոնները: Ապա դասախօսը ներկայացուց  «թեսթոսթերոն» հորմոնի դերակատարութիւնը  սեռային կեանքին մէջ` թուելով խանգարումներու տարբեր պատճառները: Ապա ան խօսեցաւ «էսթրոժեն» եւ «փրոլաքթին» հորմոններու գործունէութեան մասին, յատկապէս` սեռային առումով, դարձեալ նշելով անոնց խանգարումներու տարբեր պատճառները:  Թուելով ախտաճանաչման տարբեր քննութիւնները` տոքթ. Տուլեան առաջնահերթ նկատեց ախտանշաններու գոյութիւնն  ու քննութիւններուն կարեւորութիւնը` զատորոշելու համար զանազան հիւանդութիւնները:

Իր դասախօսութեան վերջին մասով, տոքթ.  Տուլեան թուեց նախազգուշական կարգ մը միջոցառումներ` սեռային խանգարումները  կանխարգիլելու նախանձախնդրութեամբ:

Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որմէ ետք ԼՕԽ-ի «Արցախ»  մասնաճիւղի ատենապետ Վերա Պէօյիւքեան փակուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ տոքթ. Սերժ Տուլեանին` յիշեցնելով միաժամանակ, որ այս դասախօսական ձեռնարկներու շարքին երրորդը տեղի պիտի ունենայ  յառաջիկայ ուրբաթ, նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ:

 

Նախորդը

ՀԱՄԵՍՏ ՃՈՐՃ ՄԸ` ՈՉ ՀԱՄԵՍՏ ՎԱՍՏԱԿՈՎ

Յաջորդը

ԳԷՈՐԳ (ՃՈՐՃ) ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԳԻՆԵՁՕՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.