Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք ՁԻՒՆԱԳՆԴԱԿՆԵՐԷՆ

January 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն…

Կիրակի էր… 4 դեկտեմբեր 2011… «Վանայ Ձայն»-ի եւ յեղափոխական երգերու օրն է կիրակին… Ինչպէս միշտ, «Վանայ Ձայն»-ը քիչ մը աւելի բարձր կը հնչէ մեր տան մէջ: Բայց յաճախ  «կ՛անցնին»  մահազդներ, որոնք կը նեղացնէին մթնոլորտը եւ, հետեւաբար, կը ցածցնէի ձայնը… Բայց այդ օր` ո՛չ:  Ընդհակառա՛կն աւելի մօտեցայ ձայնասփիւռին… նախազգացում մը ունէի… Եւ երանի սխալ ըլլար…

Նեղացուցիչ էր լուրը, բայց` իրա՛ւ: Ոչ եւս է Ճորճ Աբէլեան… Ընկեր Ճորճը, մեր ընկեր Ճորճը:

Ընկեր Ճորճը, որ յոգնիլ չէր գիտեր, ընկեր Ճորճը, որ նահանջ չէր ճանչնար: Սրամիտ ու հեռատես, ազգային ու աւանդապահ… Օրինակելի գործիչ, առաջնորդ ու ղեկավար:

Շատ բան կը պարտի գաղութս Ճորճ Աբէլեանին ու անոր տարիներու ծառայութեան` ի նպաստ ազգիս ու անոր Դատին: Իսկ հիմնական կորուստը` Այնճարին ու Քեսապին… Անոնք կորսնցուցին հսկայ գաղափարական մարդ մը:

Քեսապ ծնած Աբէլեան, Քորքիւնէ գիւղին պարծանքն է… իսկ զարմանալի չէ, որ ան զատած է Այնճարը որպէս իր վերջնական ապրելավայրը, որովհետեւ Այնճարը իսկապէս Հայաստանէն դուրս Հայաստան մըն է, հայրենիքէն դուրս հայրենիք մը: Այնճարը նաեւ դարձաւ ընկեր Ճորճին հարազատ տունն ու միջավայրը, ուր ան շարունակեց ստեղծագործել ու գիրքեր եւ յօդուածներ հրատարակել:

Պէտք է խոստովանիմ, որ ընկեր Ճորճին «Ցկեանս նահատակութիւն»-ը եղաւ հայերէն առաջին գիրքը, որ ծայրէ ծայր անհամբեր կարդացի եւ եղաւ այդ կամուրջը իմ եւ հայերէն գիրքի հանդէպ սիրոյս: Տակաւին վերջերս էր, որ աւարտեցի ընկեր Ճորճին «Մաքարոնի թիլէկ- թիլէկ»-ը: Այդ գիրքը, որ ի՛նք մակագրեց ինծի`  «Երիտասարդ մտաւորական Հրակ Աւետանեանի» գրութեամբ:  Շնորհակա՛լ եմ,  ընկեր Ճորճ, բայց դո՛ւն ես մտաւորականը:

Ի՜նչ մարդ է ընկեր Ճորճը… Ի՜նչ…

Այնճարի իր բնակարանին մէջ նստած` Նորա Բարսեղեանին ու ինծի պատմեց խոստումի մը մասին, որ ան տուած էր: «Մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, 100 պատմութիւն պիտի գրեմ «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքի շարքին մէջ»: Տակաւին կը յիշեմ ժպիտը, երբ այդ կ՛ըսէր:

Իսկ հիմա ի՞նչ… Ո՞վ պիտի շարունակէ «Ցկեանս նահատակութիւն»-ը: Ո՞վ պիտի անմահացնէ մեր ազգի ամէնէն յատկանշական դէպքերը… Ո՞վ պիտի զգուշացնէ մեզ ձիւնագնդակներէն… Ո՞վ…

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, ընկեր Ճորճ: Այնճարի յաղթական հողը հարազատ է հոգւոյդ… թող թեթեւ գայ  նաեւ ոսկորներուդ:

Մնաս բարով,  ընկեր Ճորճ` բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն…

ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Նախորդը

ԹԱՔՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ԳՐՈՂԸ…

Յաջորդը

ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻՆ` ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.