Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐՈՒՍՏ ԿԵԱՆՔ ԱՊՐՈՂՆ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՍՏԵՂԾՈՂԸ (ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ)

January 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընկեր Ճորճ,

Երբ բոլորիս կը թուէր, թէ հիւանդութեանդ դժուար հանգրուանը վերջ կը գտնէր ամիսներ ետք,

Երբ բնականոն կեանքի վերադառնալու առաջին քայլերը սկսած էին,

Երբ վերադարձած էիր քու հարազատ տունդ, զաւակներուդ եւ թոռնիկներուդ ջերմ մթնոլորտին մէջ,

Երբ երեք օրեր առաջ կը յայտնէիր, որ կոմիտէին փոխանցեմ քու պատրաստակամութիւնդ` գարնան դարձեալ գործի լծուելու…

Յանկարծ տեղի կ՛ունենար անսպասելին: Երէկ առաւօտ, սրտի կաթուածի իբրեւ հետեւանք,  յաւերժօրէն կը բաժնուէիր քու սիրելի ընտանիքէդ, սիրած կուսակցութենէդ եւ Այնճարէն:

Հարուածի նման ստացանք մահուանդ գոյժը: Անոր ցնցումը արագօրէն տարածուեցաւ Այնճարէն դուրս, դէպի Պէյրութ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ: Հասաւ նոյնիսկ հայրենիք եւ հեռաւոր ափեր, ուր ունէինք բազմաթիւ ծանօթներ, բարեկամներ եւ ընկերներ:

Է՜, սիրելի ընկեր Ճորճ, այսպէս ըլլալու չէր մեկնումդ այս աշխարհէն: Տակաւին ունէիր բաւական անաւարտ ծրագիրներ: Նոր թեւակոխած էիր 70-ամեակդ եւ Աստուծմէ կը խնդրէիր, որ ուժ եւ կարողութիւն տայ քեզի` իրականացնելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ուխտդ:

Հիմա, երբ վերջնականապէս կը ձգես այս աշխարհիկ կեանքը, հաւաքուած են շուրջբոլորդ քու սիրելի ընկերներդ: Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի ընկերներդ, որոնք եկած են վերջին յարգանքը յայտնելու համար քու աւելի քան 50 տարիներու ծառայութեան:

Հոս են Այնճարի հայրենակիցները, որոնք եկած են խոնարհելու յիշատակիդ առջեւ:

Հոս է «Ազդակ»-ի ընտանիքը, որուն ամէնէն երկարակեաց աշխատակիցն էիր:

Հոս են Ազգային բուժարանի խնամակալները, որոնց հետ գործեցիր վերջին տասնամեակին` ծառայելով այս ազգային հաստատութեան:

Հոս են համազգայնականները, որոնք եկած են յարգելու գիրքի, մշակոյթի եւ կրթութեան իրենց վաստակաւոր ընկերը` հիմնադիրներէն Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին:

Հոս են հայրենի գիւղիդ` Քեսապի ընկերները, վերջին յարգանք մատուցելու իրենց հայրենակիցին, որ միայն հպարտութիւն բերաւ Քեսապին եւ դարձաւ Քեսապի անպաշտօն «դեսպանը» Այնճարի մէջ:

Հոս են աւետարանական համայնքի եւ Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչները` իրենց վերջին յարգանքը յայտնելու երկար տարիներու ծառայութեանդ համար:

Հոս են քու աշակերտներէդ շատեր, ոչ միայն Այնճարի վարժարաններէն, այլ նաեւ` Շթորայի թեքնիքըլ դպրոցէն շրջանաւարտներ, որոնք հայ չեն, սակայն յարգեցին եւ սիրեցին իրենց տնօրէնն ու ուսուցիչը:

Հոս են նաեւ գրականութեան քու գրչեղբայրներէդ ոմանք, որ յարգանք ունին քու գրական վաստակիդ հանդէպ:

Սիրելի՛ ընկեր Ճորճ,

Կեանքդ եղաւ հարուստ եւ յաջողեցար վաստակ մը ստեղծել: Հայրենի «Քեսապ»-էն եկար Այնճար,  գիշերօթիկ, ապա շարունակեցիր ուսումդ Հայկազեանի մէջ, եղար անոր առաջին շրջանաւարտներէն, վերադարձար Այնճար, ընտանիք կազմեցիր, եղար ուսուցիչ Այնճարի վարժարաններուն մէջ, կարճ ժամանակուան մը համար եղար Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէն, ապա հիմնեցիր, գործակիցներուդ հետ, Շթորայի թեքնիքըլ դպրոցը (գործակիցներդ` Մարտիրոս Հերկելեանն ու Պետրոս Շեմմեսեանն ալ նոյնպէս անժամանակ մեկնեցան այս աշխարհէն), բախտաւորուեցար երեք զաւակներով եւ ստեղծեցիր քու անձնական հաստատութիւնդ` «ՍԱՎԱ»:

Աշխուժ եղան գործունէութիւններդ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: 50 տարիներ ծառայեցիր գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Գործեցիր բազմաթիւ  յանձնախումբերու մէջ, եղար ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ եւ ներկայացուցիչ: Ստանձնեցիր պատասխանատու պաշտօններ յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ երբեք չհեռացար, այլ մնացիր պարտականութեան վրայ` կարելին ընելով մեր ժողովուրդին համար:

Այնճարի հիմնադրութեան 40-60-65-70-75-ամեակներու Կեդրոնական մարմիններուն մաս կազմեցիր` ներդրում ունենալով այս ծաւալուն աշխատանքներու մէջ:

Այս բոլորին կողքին, ժամանակ գտար ծառայելու համայնքիդ, Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանին եւ եկեղեցւոյ:

Կրցար հրատարակել հատորներու շարք մը, որոնցմէ վերջինը լոյս տեսաւ երկու շաբաթ առաջ եւ զայն միայն հասցուցիր թերթատելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Նորա Բարսեղեանին…

Առիթ ունեցար մասնակցելու Համահայկական գրողներու համագումարին եւ խանդավառութեամբ վերադարձար հայրենիքէն:

Տպագրութեան տակ կը գտնուի «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորին արաբերէն թարգմանութիւնը եւ աշխատանք կը տանէիր զայն թրքերէնով հրատարակելու:

Սիրելի՛ ընկեր Ճորճ,

Մեկնումդ անժամանակ եղաւ, տակաւին շատ աշխատանքներ ունէիր… Կորուստդ մեծ է թէ՛ ընտանիքիդ, թէ՛ հարազատներուդ, թէ՛ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան, թէ՛ «Ազդակ»-ին, թէ՛ Քեսապին, թէ՛ Ազգային բուժարանին, թէ՛ Համազգայինին, թէ՛ հայ աւետարանական համայնքին, թէ՛ հայ գրականութեան, թէ՛ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին եւ թէ՛ լիբանանահայ գաղութին համար:

Բոլորը կորսնցուցին ընկեր Ճորճ Աբէլեանը, որուն աշխատանքէն եւ վաստակէն բաժին մը հասած է բոլորին:

Կորուստդ անդարմանելի է, իրականութեան հետ հաշտուիլը` դժուար:

Կեանքը, սակայն, պիտի շարունակուի. Սեւանը, Արան, Վանիկը եւ Անժէլը պիտի շարունակեն «ՍԱՎԱ»-ի աշխատանքները: Վստահ եմ, որ Նորա Բարսեղեանը պիտի շարունակէ քու անաւարտ աշխատանքներդ:

Դաշնակցական ընկերներդ պիտի գործեն նոյն ոգիով եւ հաւատքով, ինչպէս ձեր սերունդը գործեց:

Վերջապէս, յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, յատկապէս ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ անոր յանձնախումբերուն` դաստիարակչականի եւ 100-ամեակի, կը փոխանցեմ մեր ցաւակցութիւնները ընտանիքիդ, հարազատներուդ, գաղափարի ընկերներուդ, Այնճարի հայ աւետարանական համայնքին, Քեսապի կոմիտէին եւ քեզ յարգող բոլոր հայորդիներուն:

Վարձքդ կատար ընկեր Ճորճ,

Կը խոնարհինք անթառամ յիշատակիդ առջեւ:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

4 դեկտեմբեր, 2010
Այնճար :

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ` ԲԱՌԻՆ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՎ. ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ

Յաջորդը

ԹԱՔՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ԳՐՈՂԸ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.