Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ` ԲԱՌԻՆ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՎ. ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ

January 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, գէթ ֆիզիքապէս, մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի համազգայնական մեր ընկերը` Ճորճ Աբէլեան:

Համազգայնական` բառին բուն իմաստով:

Հիմնադիր անդամներէն է Այնճարի Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մշակութային միութեան ու անոր անխոնջ ծառան` վարչական թէ զանազան յանձնախումբերու ճամբով` մինչեւ իր անժամանակ հիւանդանալը:

Հայ մշակոյթի պահպանման նախանձախնդիր մարդը, մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան քաջակորով պահապանը եւ այդ նոյն արժէքներու տարածման եւ նոր սերունդի փոխանցման բծախնդիր սպասարկուն:

Հայ գիրի ու գրականութեան անսակարկ ու մեծ նուիրեալը: Երգիծական իւրայատուկ սրամտութեամբ, Ձիւնական ստորագրութեամբ յօդուածները եւ հետաքրքրական ոճով իր Գ. Աբէլեանի անունը կրող պատմուածքները արտացոլացումը եղան անաչառ մարդու մտածումներուն եւ պարկեշտ մարդու ազնիւ հոգիին:

Այսօր մեր ընկերոջ անշնչացած մարմնին դիմաց պարզապէս կ՛ողբանք, ոչ թէ որովհետեւ կորսնցուցինք մեր համազգայնական ընկերը, այլ մանաւանդ` մեծ գրագէտը, որ կ՛ապրէր իր գրական գործունէութեան գագաթներուն վրայ, որ յաջորդաբար իր հեղինակած գիրքերու հրատարակութեամբ առաւել կը հարստացնէր հայ գրականութիւնը:

Վերջին ժամանակաշրջանին զանազան շրջաններու մէջ իրար յաջորդած Գ. Աբէլեանի հրատարակած գիրքերու շնորհահանդէսները զինք դրած էին գրական կեանքի հեւքին մէջ: Պրպտելիք շատ բան ունէր ու այդ աշխատանքներուն արդիւնքը թուղթին պիտի յանձնուէր…

«Ցկեանս նահատակութիւն» եւ «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» կոթողական հատորներուն պիտի յաջորդէին այլ հատորներ եւս. եղեռնահար եւ եղերական այդ քստմնելի ու աներեւակայելի պատմուածքներու թիւը 100-ի պիտի հասնէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին… Եթէ Աստուած ուզէր, եթէ իրեն բան մը չպատահէր, ինչպէս վերջին շրջանին յաճախ կ՛ըսէր ինք:

Աստուածային դասաւորումները, սակայն, մարդոց կամքէն անկախ են. բայց ինչ որ կարելի է, այդ ալ ընկեր Ճորճին սկսած այդ ազգանուէր գործը շարունակելն է: Ու գործը պիտի շարունակուի…

Ազնիւ ու վեհանձն ընկեր, ազգային գործդ պիտի շարունակեն ընկերներդ` համազգայնական ընկերներդ…

Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ամբողջ անդամական կազմին անունով կը յայտնեմ մեր ցաւակցութիւնները` կնոջդ, զաւակներուդ, ընտանեկան պարագաներուդ եւ ընկերներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ,

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

Յ. ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Նախորդը

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Յաջորդը

ՀԱՐՈՒՍՏ ԿԵԱՆՔ ԱՊՐՈՂՆ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՍՏԵՂԾՈՂԸ (ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.