Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՁԳՁԳՈՒՈՂ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՄԱ

January 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս»-ի նախկին գլխաւոր խմբագիրին սպանութիւնը հրահրողներուն, կազմակերպողներուն եւ գործադրողներուն  դատավարութեան երկու օր առաջուան վճիռը ցնցիչ գործօնի դեր ունեցած է թրքական հասարակութեան համար:

Ընտրուած ժամանակի (թայմինկ) գործօնը միշտ կարեւոր է  նկատի ունենալ քաղաքական իրադրութիւններ դիտարկելու, մեկնաբանելու եւ վերլուծելու ընթացքին: Հարցումը, որ կ՛արծարծուի բնականաբար այդ իմաստով, կը վերաբերի ֆրանսական օրինագիծի ծերակոյտին կողմէ քուէարկութեան դրուելու նախօրեակին եւ դատավճիռի կայացման թուականին համատեղելիութեան: Բացարձակ կարելի չէ հաստատել, որ Անգարայի իշխանութիւնները համընկնեցուցած են դատավճիռի կայացման թուականը օրինագիծի քննարկման թուականին: Այսուհանդերձ, պէտք չէ անտեսել Թուրքիոյ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ ներհասարակական զարգացումներուն փոխկապակցուածութեան խնդիրը. աւելի պարզ, արտաքին ճակատի վրայ մղուած քաղաքական պատերազմին համար ներքին երեւոյթները օգտագործելու պետական դասական քաղաքականութեան փաստը:

Անգարան ժխտողականութեան քրէականացումը մերժել տալու իր պայքարին մէջ մնայունօրէն կ՛արծարծէ կարծիքի ազատութեան գաղափարը: Այս հարցին մէջ առաջ երթալով դաս կու տայ Ֆրանսային մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան ֆրանսական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու եւ ինչու չէ Թուրքիոյ օրինակին հետեւելու: Նախագահ Կիւլ չէր վարանած օրինակ բերելու Անգարայի պաշտօնական կեցուածքներէն դուրս այլընտրանքային մտածողութիւնն ու այլախոհութիւնը յարգելու թրքական մոտելը:

Ի՞նչ կը պատահի այժմ. Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ձգձգուող դատավարութիւնը ի վերջոյ կը վճռահատուի, որուն ի տես ծայր կու տայ բողոքի շարժում մը.  ցոյցեր, հրապարակումներ, հաղորդումներ, հրապարակախօսութեան շատ համարձակ քայլեր: Բոլորը կը տեղադրուին նախագահ Կիւլի յայտարարած կարծիքի ազատութեան, հանդուրժողականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումի շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Կիւլն ու վարչապետ Էրտողանը հրապարակաւ կը քննադատէին դատավարութեան երկար տեւելը, կը շեշտէին վճիռին դիմաց նկատառելի թիւով մարդոց անբաւարարուած ըլլալը եւ վճռաբեկ դատարանին դիմելու հնարաւորութիւնը: Մատնացոյց ընելու համար թերեւս ժողովրդավար Թուրքիոյ իրաւական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն սահմանազատուած ըլլալը:

Բողոքող հասարակութեան ներկայացուցիչները տարօրինակօրէն այս զարգացումներուն ընթացքին չէին ձերբակալուեր կամ 301 օրէնքի մեկնաբանութեամբ Թուրքիոյ ազգային արժանապատուութիւնը խոցողներ չէին արձանագրուեր:

Սխալ տպաւորութիւն պէտք չէ ստեղծուի անշուշտ, որ հասարակական շարժումը իր ընդհանրութեան մէջ պետական պատուիրակատարութեան դերակատարութեան մէջ է: Երբեք. այնտեղ ի հարկէ կան Տինքի գաղափարներուն հաւատացող եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը առաջադրող հասարակական, մամլոյ գործիչներ: Խնդիրը այս բոլոր երեւոյթներուն պետական շահարկումն է, պատգամներ ուղարկելն է, եւ այս պարագային ֆրանսական ծերակոյտին քննարկումները արգելակելու փորձ կատարելն է:

Ըսելու համար նաեւ Փարիզին, որ մենք այս բոլորը չենք քրէականացներ, մեր պաշտօնական տեսակէտներուն հակադրուողները չենք տուգաներ կամ բանտարկութեան դատապարտեր: Երեւոյթները այնպէս կը համոզեն, որ այս գիտակցութեամբ կը շարժին նաեւ Թուրքիոյ խորքային պետութեան ներկայացուցիչները, որոնց լռութիւնը եւս խիստ բարացուցական է եւ համապետական շահերուն ընդառաջ շարժելու, այս պարագային կրաւորականութիւն դրսեւորելու ցուցանիշերը կը պարփակէ:

Ներթրքական հասարակութեան ապրող զարգացումներուն մէջ անկասկած մեծ ականի գործօն ունի Հրանդ Տինք երեւոյթը իբրեւ հայազգի խմբագիր, իբրեւ թուրք քաղաքացի,  իբրեւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը հետապնդող հասարակական գործիչ, իբրեւ թրքական գարունը առաջադրող հանրային դէմք .  եւ այս առումով տարօրինակ է, որ Անգարայի իշխանութիւնները չվերյիշեցին Տինքի հրապարակային դիրքորոշումը ժխտումի քրէականացման մտայնութեան դէմ`  զայն նկատելով կարծիքի եւ խօսքի ազատութեան դէմ առնուող քայլ: Ձգձգուող դատավարութեան դատավճիռին կայացումը այս օրերուն մտածել կու տայ, որ այս թեման լիարժէք շահարկելու փորձ կը կատարեն Անգարայի իշխանութիւնները:

Նախորդը

ԹԱՔՍԻՄ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՆՇԵՆ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Յաջորդը

ՁԳՁԳՈՒՈՂ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՄԱ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.