Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին նշած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապը զինուորական լուծում չունի, այլ իրավիճակը պէտք է լուծուի երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով:
Իրանեան «Թասնիմնիուզ» կայքին համաձայն, իրանեան կողմը ընդգծած է տագնապի գօտիին մօտ գտնուող իրանեան պետութեան սահմաններու անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Ռուհանի ընդգծած է, որ Թեհրանն ու Անգարան` իբրեւ շրջանային հզօր երկիրներ, կրնան իրենց ուժերը համատեղել եւ, Ռուսիոյ հետ համագործակցութեամբ, օգնել շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան վերականգնման:



