Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի 2020-2021 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատաքայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ապնաա Շեքքայի դէմ, տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ՝ 4-3 արդիւնքով (կիսախաղ՝ 2-2), թէեւ ունեցաւ բաւական լաւ եւ տպաւորիչ ներկայացում մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին՝ Աւագ Պալապանեան, Ներսէս Գուլխանճեան (փենալթի-ով) եւ Էտիպ Քարքաֆի:
Օրուան իրաւարարներն էին՝ Քասեմ Մըքաշշար եւ Զահրաա Ֆարհաթ:
Կ’ակնկալուի, որ յաջորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը յաջողի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել:



