Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Առաջարկը Բնական Է» Կ՛ըսէ Զաթուլին

October 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին բնական կը նկատէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի ռուս զինուորական դէտեր տեղակայելու առաջարկը:

Լաւրով «Սփութնիք» եւ այլ ձայնասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ Ղարաբաղի մէջ պէտք է ռուս դէտեր ըլլան, սակայն վերջին խօսքը տագնապի կողմերուն է:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ռուս խաղաղապահներ մտցնելու առաջարկը միանգամայն բնական է, որովհետեւ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Ազրպէյճանը` ամէն մէկը իր ձեւով, կը յայտարարէ այս տագնապին մէջ Ռուսիոյ դերին մասին: Հիմա խօսքը երկու կողմերունն է, արդեօք անոնք պատրա՞ստ են, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ», յայտարարած է Զաթուլին երէկ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան ուշադրութեան հրաւիրած է ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ խաղաղապահական առաքելութիւններու ռուս զինուորներու եւ սպաներու ներկայութեան բացառապէս դրական փորձառութեան վրայ: «Մերձտնեսթրեան տագնապի գօտիին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան գրեթէ երեսուն տարուան ընթացքին փաստացի ոչ մէկ սրում եղած է», նկատած է ան:

Ռուսիոյ Պետական Տումայի յանձնախումբի առաջին փոխնախագահը նաեւ յիշեցուցած է, որ դէտերը այս, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ տագնապի պարագային, անփոխարինելի են դիմակայութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: «Նաեւ որեւէ պարագայի որոշելու համար, թէ ո՛վ է զինադադարի դրութիւնը խախտողը, որպէսզի գոնէ դէտերու ներկայութեամբ քաղաքացիական վայրերուն եւ բնակելի քաղաքներուն հարուածներ չհասցուին», եզրափակած է Զաթուլին:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Հաւանական Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Կացութեան Շուրջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Դէմ Առ Դէմ Հաղորդակցութիւնները

Յաջորդը

«Իրան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապին Լուծման Ու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Բնակիչներու Մահերը Կանխարգիլելու Ուղղուած Որեւէ Քայլ» Կ՛ըսէ Ռապի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.