Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութեան Յայտարարութիւնը

September 29, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն, երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգի ու պետութեան ապահովութեան:

Տարիներու ընթացքին շարունակաբար վստահած ենք մեր աշխարհասփիւռ համակիրներու նեցուկին, միասնաբար յաղթահարելու մեր ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Այս տարի ազգովին գտնուեցանք զանազան աղէտներու դէմ յանդիման: ՀՕՄ-ի բազմազան կոչերուն ընդառաջելով, մեր համակիրներուն օժանդակութեամբ կրցանք ձեռք երկարել մեր հայրենակիցներուն, որոնք, համաճարակին եւ ապա Լիբանանի ահաւոր պայթումին հետեւանքով, մեր օգնութեան կարիքը ունէին: Այսօր, դարձեալ կը դիմենք ձեզի, որպէսզի ձեր աջակցութեամբ եւ ներդրումով հասնինք Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն:

Կիրակի առաւօտեան (Արցախի ժամով), Ազրպէյճանի վարչակարգը լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ իրագործեց Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ քաղաքացիներուն դէմ` արգելք հանդիսանալով անոնց կիրակնօրեայ աղօթքին, խլելով անմեղ կեանքեր, վիրաւորելով հարիւրաւոր քաղաքացիներ եւ ռմբակոծելով բնակելի վայրեր ու դպրոցներ: Բուռն կերպով կը դատապարտենք մարդկութեան դէմ այս արարքը եւ միաժամանակ անգամ մը եւս ձեր բոլորին կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի ձեր օժանդակութեամբ կարենանք մեր կարելին կատարել` պաշտպանելու համար մեր պետականութիւնը եւ ձեռք երկարելու մեր զինուորներուն եւ ազգին:

ՀՕՄ-ի գործունէութեան նպատակներէն է` «յատուկ յատկացումներ կատարել, սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթել` պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ»:

«Օժանդակել առողջապահական, կրթական եւ խնամատարական ծրագիրներու, որոնք կ՛օգնեն հայ զինուորներուն, մեր ազգային Դատին ծառայողներու ընտանիքներուն…»:

Միացէ՛ք մեր ճիգերուն, որպէսզի միասնաբար հասնինք մեր նպատակին եւ օգտակար դառնանք Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար:

27 սեպտեմբեր 2020

 

Նախորդը

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Որոշում

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.