Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներգաղթին Կը Հաւատա՞նք

September 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հարցումս ուղղուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւններուն:

Փաստօրէն 2011-էն մինչեւ օրս` Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ 4 օգոստոսի Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, զանազան փուլերով թէ՛ սուրիահայ եւ թէ՛ լիբանանահայ ընտանիքներ ուղղուեցան դէպի Հայաստան:

Փաստօրէն սփիւռքի քաղաքական, կրօնական եւ ազգային-հասարակական կազմակերպութիւնները միշտ ալ քաջալերած են, որ եթէ գաղթելու տրամադրութիւն, փափաք եւ որոշում կայ, պէտք է ուղղուիլ դէպի հայրենիք:

2011-էն ի վեր բազմահազար սուրիահայեր եւ ներկայիս ալ բազմահարիւր լիբանանահայեր կ՛ուղղուին դէպի Հայաստան:

Ներգաղթի ոչ կազմակերպ ալիքը արդէն Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Իրանէն անցնող 9 տարիներուն զանազան փուլերով եւ զանազան պայմաններով կը կատարուի:

Սակայն:

ա) Հայաստանի պետութիւնը ներգաղթ կազմակերպելու փափաք, կամք, որոշում եւ հեռանկար ունի՞:

Փաստօրէն, անցնող տարիները ցոյց տուին, որ նման որոշում եւ ծրագրուած, կազմակերպուած աշխատանք գոյութիւն չունի:

Ի՞նչ բան կ՛արգիլէ որոշում տալու եւ ծրագրելու նման ազգային գործ մը:

Ինչո՞ւ չկամութիւն կայ պետական մակարդակով:

Ներգաղթը կազմակերպելու համար բացի կամքէն ոչ մէկ բան կը պակսի:

Այո՛, նուրբ հարց է իբրեւ ռազմավարութիւն, սակայն պայմանները մեզի կը ստիպեն, որ մենք պատրաստ ըլլանք ընդունելու, տէր կանգնելու, զօրավիգ ըլլալու, ուղղելու եւ պետական մակարդակով տիրութիւն ընելու բոլոր ներգաղթողներուն:

Ինը տարի անցաւ քսանինը տարուան անկախ պետութենէն, սակայն ոչ մէկ կառավարութիւն եւ ոչ մէկ վարչակարգ ներգաղթի օրակարգ արծարծեց:

Չէ՞ որ մարդկային ներուժի կը հաւատանք:

Չէ՞ որ մէկ ազգ մէկ հայրենիք ենք:

Չէ՞ որ ձեռք-ձեռքի աւելի բարգաւաճ Հայաստան կ՛ունենանք:

2008-ին ստեղծուած սփիւռքի նախարարութենէն մինչեւ 2018 սփիւռքի հարցերու յանձնակատարը նոյն հարցերով զբաղեցան: Սփիւռքի կազմակերպ գաղութները աւելի այցելեցին քան անկազմակերպ, նոր կառուցուող կամ աղէտահար գաղութներ ուղղուելով:

Լիբանանը, որ սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն մէկն է «սկզբունք»-ով: Նաւահանգիստի աղէտէն ետք, երբ Իտալիոյ վարչապետը, Ֆրանսայի նախագահը, եւ այլ պետական առաջին դէմքեր այցելեցին, ինչո՞ւ Հայաստանի պետութեան կողմէ առաջին դէմքերէն մէկը Պէյրութ չհանդիպեցաւ: Կաթողիկոսարան, հայահոծ թաղամասեր, կառոյցներ, մամուլ, եկեղեցիներ, կրթական-բարեսիրական նախարարութիւններ:

բ.) Սփիւռքը ինչո՞ւ չ՛ուզեր ներգաղթ կազմակերպել: Աւելի յստակացնեմ միտքս:

Ինչո՞ւ քննարկումի, ծրագրումի եւ հեռանկարային աշխատանք չի տարուիր սփիւռքի կողմէ, որ Հայաստանի պետութեան հետ ծրագրեն ներգաղթը:

Ո՞վ ինչէն կը վախնայ:

Պէտք է յստակ ըլլանք երկուստեք: Մեր ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, իսկ հայրենիքի հետ համադրուած եւ համակարգուած ներգաղթի ծրագիրի մշակումը` անյետաձգելի:

Սփիւռքը գլխագիր «Ս»-ով պէտք է մնայ, ինչպէս Վահէ Օշականը կ՛ըսէր, սակայն այսօրուան աղէտներուն դիմաց սփիւռքահայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր պէտք է դասուի, եւ այս իմաստով ներգաղթին պէտք է հաւատանք եւ լուրջ ձեւով մօտենանք:

Կրթական, առողջապահական, սննդեղէնի նպաստ եւ այլ նախաձեռնութիւնները շատ շնորհակալ գործ են, բայց հեռանկարային ծրագիր չկայ, այս է հարցը:

Բոլոր երկիրներն ալ օգնութիւն ղրկեցին, բայց մենք պէտք է ներգաղթի ծրագիր ունենանք` քսանինը տարուան փորձառութենէ ետք եւ ինը տարուան Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի ապահովական վերիվայրումներէն ետք:

Հայահաւաքին` Հայաստանի մէջ համախմբուելուն պիտի հաւատանք ուզենք թէ չուզենք, եւ պէտք է անկեղծ, առանց բարդոյթներու ներգաղթի ծրագիր մշակենք բոլորս միասին:

 

 

Նախորդը

Այս Անկիւնէն. Մնայուն հա՞յ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.