Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարներու. Խաղաղութեան Համաձայնագիրներու Ստորագրութենէն Ետք, Այսրյորդանանէն Բաժիններու Իսրայէլի Կցման Ծրագիրէն Ետդարձ Չկայ

September 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իսրայէլ նիուզ 24» կայքը երէկ հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներու ստորագրութենէն ետք Իսրայէլի մէջ հարցականներ ծագած են  վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Այսրյորդանանէն շրջաններ Իսրայէլի կցելու ընտրական խոստումին շուրջ:

Կայքը նշեց. «Ծանօթ է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները սկիզբէն յայտնեցին, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն կնքած են վերջինիս կցման ծրագիրէն ետդարձ կատարելուն դիմաց, սակայն իսրայէլացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ այսօր առաւօտեան այդ ետդարձը հերքող յայտարարութիւններ կատարեցին»:

Ըստ իսրայէլեան կայքին, Ուաշինկթընի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Արտան չորեքշաբթի օր ձայնասփիւռի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ խօսած է Նեթանիահուի հետ, եւ կցման ծրագիրը իսրայէլեան աշխատանքային օրակարգէն չէ ջնջուած, եւ այդ հարցը պիտի քննարկուի ամերիկեան նախագահական մօտալուտ ընտրութենէն ետք:

Քնեսեթի նախագահ Եարիւ Լեւին իր կարգին յայտնած է. «Կցման ծրագիրէն որեւէ զիջում չկայ: Պետութիւնը մէկ անգամէն չկազմուեցաւ, եւ կցումը մէկ օրուան մէջ տեղի պիտի չունենայ, եւ այդ մասին տեղեակ պիտի պահենք»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Պահրէյնի հետ համաձայնագիրներու ստորագրութեան համար երեքշաբթի օր Ուաշինկթըն մեկնելու համար օդակայան ուղղուելէ առաջ յայտարարած էր, թէ կը մեկնի «ուժի դիրքերէ մեկնած խաղաղութիւն խաղաղութեան դիմաց համաձայնութիւն բերելու»:

Սպիտակ տան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին հերքած է տեղեակ ըլլալ համաձայնութիւններուն մէջ Այսրյորդանանէն բաժիններու կցումը չորս տարիով դադրեցնելու մասին տարաձայնութիւններուն մասին եւ ըսած է, որ Պահրէյն այցելելէ անմիջապէս ետք համաձայնութիւնը քննարկած է սէուտցիներուն հետ:

Քնեսեթի անդամ Ուզի Տայան իր կարգին անցեալ ամիս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան յայտարարութենէն ետք նշած էր. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ խաղաղութիւնը առանց նախապայմանի է, եւ խաղաղութիւն խաղաղութեան դիմաց, եւ ոչ թէ խաղաղութեան հողերու դիմաց»:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Յայտարարած Է Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Դէմ Պատասխան Քայլերու Ձեռնարկելու Մասին

Յաջորդը

Հարիւրաւոր Սուրիացիներ Թրքական Հսկողութեան Կէտին Մօտ Ցոյց Կը Կատարեն Թրքական Ներկայութեան Դէմ. Թուրքիա Ցոյցը Յարձակում Կը Նկատէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.