Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու. Թրամփ Դժգոհ Է Էսփըրի Աշխատանքէն Եւ Կ՛ուզէ Զինք Փոխարինել

September 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժգոհ է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի աշխատանքէն եւ աշխատանք կը տանի անոր տեղ նշանակելու վեթերաններու հարցերու նախարար Ռապըրթ Ուիլքին:

Ամերիկեան վարչակազմէն երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Թրամփ Էսփըրը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացնելուն կարեւորութեան համոզուած դարձաւ, եւ այս հարցը անցեալ ամիս Սպիտակ տան մէջ ուղղակիօրէն քննարկեց Ուիլքիի հետ»:

«Փենթակոնի ղեկավարութեան մէջ բարեփոխում կատարելը անհաւանական է, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ տեղի ունենայ» նշեցին աղբիւրները:

Նախքան այդ, «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը օգոստոսի սկիզբը հաղորդած էր, թէ Թրամփ կը սերտէ նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելուն պարագային Էսփըրը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացնելու կարելիութիւնը:

«Պլումպըրկ» աւելցուց, որ Փենթակոնի ղեկավարը անձամբ մտերիմներու յայտնած է, թէ մտադիր է հրաժարիլ, ինչ որ ալ ըլլայ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը:

«Էն.Պի.Սի.» յունիսին հաղորդած էր, թէ Թրամփ մտադրած է Էսփըրը անմիջապէս պաշտօնազրկել ափրիկեցի-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան պատճառով բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ իրենց միջեւ ծագած մեծ տարակարծութեան պատճառով:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհեն չբացառեց այն կարելիութիւնը, որ Թրամփ «մինչեւ իսկ պատերազմի սկսի իր նախագահ ընտրուիլը ապահովելու համար»:

Քոհեն «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Թրամփ յաղթելու համար ամէն ինչ պիտի ընէ, ներառեալ` ընտրութեան արդիւնքի կեղծումը»:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Պիելոռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է Ազատ Արձակելու Քաղաքական Դրդապատճառներով Ձերբակալուածները

Յաջորդը

«Սեւ Ծովուն Մէջ Մեր Գտած Կազը Իր Որակով Աշխարհի Լաւագոյններէն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.