Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շինքըր. «Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի Հետ Համաձայն Են` Լիբանանի Մէջ Բարեկարգումները Գործադրելու Հարցով»

September 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Ուին Տէյթընի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռապըրթ Մէյնի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարներու ամրապնդումը:

Լիբանան այցելութեան առիթով Շինքըր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մակնիցքի օրէնքի շրջագիծին մէջ կը մշակեն շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք թիրախ պիտի դարձնեն լիբանանցի անձնաւորութիւններ:

«Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի հետ համաձայն են` Լիբանանի մէջ բարեկարգումները գործադրելու հարցով, եւ կը գործակցին անոր հետ», ըսաւ Շինքըր` հաստատելով, որ ամերիկեան օժանդակութիւնները պիտի հասնին լիբանանցիներուն` բարեսիրական միութիւններու ճամբով:

Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքացիներուն Լիբանանէն կատարած արտագաղթին պատճառը երկրին տնտեսական կացութիւնն է, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յառաջացուցած ցնցումներուն հետեւանքները:

«Մենք կը փափաքինք օժանդակել կառավարութեան, սակայն ատիկա չենք կրնար կատարել, եթէ կառավարութիւնը ինքն իրեն չօգնէ», շեշտեց Շինքըր:

Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ գրած էր, թէ Շինքըր հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի հետ, որուն հետ քննարկած է Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի ծովային սահմանագծումին թղթածրարը:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ հանդիպումը դրական չէ եղած, եւ Շինքըր նեղացած դուրս եկած է, որովհետեւ Լիբանան կը շարունակէ կառչած մնալ իր նախապայմաններուն` առանց ընկրկելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած զիջումներու երթալու պահանջին դիմաց:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 20.426-ի, Մահուան Պարագաներունը` 191-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 6139-ի

Յաջորդը

Հանիէ Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.