
Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար երկար տարիներու վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան այս ձեւով ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի աւարտէ իր կազմին հետ:
Ո՛չ Լիվըրփուլ եւ ո՛չ ալ 31 տարեկան Ժերար ըսին, թէ ատիկա քանի տարուան պայմանագրութիւն մըն էր:
Անգլիացի միջնապահ Ժերար, որ նոյեմբեր 1998-ին միացաւ Լիվըրփուլի, երբ 18 տարեկան էր, խումբին հետ ցարդ կատարած է 566 մրցում` նշանակելով 144 կոլ:
Իսկ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 89 մրցումի ընթացքին նշանակած է 19 կոլ:


