Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Մեր Սահմանները Խախտէք, Ապա Մեր Պատասխանը Յայտնի Է, Սակայն Երկխօսութեան Կը Զօրակցինք», Յունաստանին Կ՛ըսէ Աքար

August 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է. «Թուրքիոյ եւ Յունաստանի խնդիրներու լուծումը մեր միջեւ հանդիպումին ու երկխօսութեան ճամբով կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ Ֆրանսային ու Եւրոպական Միութեան դիմելով»:

«Մեր կողմէ ֆրանսական նաւը նեղելու վերաբերեալ պնդումներուն ոչ ճիշդ ըլլալը հաստատուեցաւ, եւ Փարիզ պէտք է ներում հայցէ», շեշտեց ան:

«Եթէ մեր սահմանները խախտէք, մեր պատասխանը յայտնի է, սակայն միշտ երկխօսութեան կը զօրակցինք եւ չենք ուզեր, որ ատիկա պատահի»:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեր ջուրերէն կաթիլ մը բռնաբարել, եւ պէտք չէ Թուրքիոյ ուժը փորձել, որովհետեւ վճռակամ ենք պաշտպանելու մեր իրաւունքներն ու շահերը», աւելցուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Ան հարց տուաւ, որ Միս կղզիին ինչպէս կրնայ 40 հազար քառակուսի քիլոմեթր ջրային տարածքի իրաւունք տրուիլ, երբ Թուրքիայէն միայն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է, իսկ Յունաստանէն շուրջ 600 քիլոմեթր:

Ան յայտնեց, թէ թրքական պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստանձնած է արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի նախարարութեան աշխատանքներու պաշտպանութիւնը, եւ թրքական ուժերուն աշխատանքը ռազմափորձերու կամ այդպիսի քայլերու ճամբով խանգարելը «անհասանելի երազ է»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց.«Արեւելեան Միջերկրականի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է, եւ պէտք է վերջ տալ հոն արձանագրուող մագլցումին»:

Ան նշեց, թէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր նպատակը «պահպանելն է Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւն դիմագրաւող տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը»:

Նախորդը

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իրաք

Յաջորդը

Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա Եւ Իտալիա Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն Կիպրոսի Հարաւը

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.