Չորեքշաբթի, 5 օգոստոսի առաւօտեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի հրաւէրով յատուկ հանդիպում տեղի ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի հետ: Հանդիպման հիմնական նպատակն էր Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին պատճառով յառաջ եկած կացութեան մասին խորհրդակցիլը:
Սրբազան հայրը զեկուցեց, որ վեհափառ հայրապետին հետ խօսած է եւ թեմին զօրակցութիւնն ու աղօթքները փոխանցած անոր, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ եւ անոնց յայտնած թեմի զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը Լիբանանի թեմին օգտակար ըլլալու առնչութեամբ:
Ներկաները խորհրդակցութենէն ետք որոշեցին անհրաժեշտ միջոցներու դիմել` Լիբանանի թեմին նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ մեղմացնելու աղէտահար ժողովուրդին վիճակը:



