Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

January 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահին տուած հարցազրոյցը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին առաջին հայեացքով նորութիւն չի բերեր Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Անգարայի պաշտօնական կեցուածքներուն վրայ: Հետեւեալ կէտերուն մէջ կ՛ամփոփուին նախագահ Կիւլին յայտնածները.

ա.- Փորձ կը կատարուի Թուրքիան աւելի ժողովրդավար երկիր համարելու, քան Ֆրանսան:  Ըստ նախագահին, թրքական պետութիւնը յարգանքով կը վերաբերի պաշտօնական կեցուածքներէն դուրս յայտնուած տեսակէտներուն կամ զանոնք պաշտպանողներուն նկատմամբ: Ֆրանսան, նման օրէնքի ընդունումով, յարգած պիտի չըլլայ կարծիքի ազատութիւնը:

բ.- 1915-ին պատահածները կարելի է որակել «պատմական իրադարձութիւններ» եւ ոչ ցեղասպանութիւն: Այդ ժամանակաշրջանին թուրքերը շատ աւելի տառապած են, քան հայերը:

գ.- Նոյն ժամանակահատուածին, Եւրոպայի իսլամները ենթարկուեցան տեղահանութեան. տուին 3 միլիոն զոհ:

դ.- Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան առաջարկի վերարծարծում:

ե.- Եթէ Ֆրանսան որդեգրէ օրինագիծը, տարբեր մարզերու մէջ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները պիտի ազդուին:

Իւրաքանչիւր կէտին վրայ կարելի է կեդրոնանալ եւ հակափաստարկներով ջրել առաջադրուած գաղափարները, որոնք նորութիւն չեն յամենայն դէպս: Այստեղ նշելը պարզապէս, թէ փորձ կը կատարուի ամբողջ Եւրոպայի տարածքին իսլամ ազգաբնակչութիւններու տեղահան եւ ջարդուած ըլլալը ընդգծելը` որոշ դիտաւորութեամբ է անշուշտ: Մօտեցումը` հարցը թրքական հարթութենէն համիսլամական հարթութիւն տեղափոխելու եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեան համաեւրոպականացման փորձերը կանխարգիլելու նախանիշեր կը պարփակէ իր մէջ:

Անցնինք սակայն, որովհետեւ էականը վերջին կէտն է այս պարագային: Վերջին կէտով ուշագրաւ տարբերութիւն, եթէ ոչ հակասութիւն կ՛երեւի վարչապետ Էրտողանի սպառնալիքներուն եւ նախագահ Կիւլի արտայայտած «ե.» կէտին միջեւ: Օրինագիծի առաջին հանգրուանի նախօրեակին վարչապետ Էրտողանի սպառնալիքներուն առաստաղը բաւական բարձր էր: Վարչապետ Էրտողանի վերագրուող ութ կէտէ բաղկացած սպառնալիքներու եւ հակազդեցութիւններու յայտարարութիւնը փաստօրէն գրեթէ խզում էր երկու երկիրներու միջեւ եւ յարաբերութիւններու առկախումի համազօր առնուելիք քայլերու ծրագիր էր: Այժմ, կը խօսուի յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք ընդհանուր ազդեցութիւններու մասին: Այն ալ գործընթացի երկրորդ հանգրուանի սեմին, մինչ առաջին հանգրուանի նախօրեակին կը հնչէին ուժեղ սպառնալիքները:

Առաստաղի իջեցումը կրնայ բացատրուիլ նախագահին եւ վարչապետին միջեւ միշտ երեւցող յայտարարութիւններու ոճային տարբերութիւններով: Այստեղ սակայն, հարցը բովանդակային է եւ ըստ էութեան: Եթէ առաջինը կը խօսի շարունակական յարաբերութիւններու վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններու մասին, երկրորդին նշած առկախումները խստօրէն խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Անգարա-Փարիզ միջպետական յարաբերութիւնները: Չմոռնանք, որ սպառնալիքը յայտարարողական մակարդակէ անդին անցնելու շատ տուեալներ չի փոխանցեր դիպաշարին հետեւողներուն մօտ: Այսուհանդերձ ըստ էութեան տարբերութիւնը ուշագրաւ է:

Այս տրամաբանութիւնը կրնայ մտածել տալ, որ պաշտօնական Անգարան համոզուած է այս հանգրուանին իր կրելիք քաղաքական պարտութեան: Գէթ այս պահու դրութեամբ ֆրանսական կողմը ետդարձի ցուցանիշեր չի դրսեւորեր: Այս կացութենէն նուազագոյն առաւելները ձեռք ձգելու փորձ կը կատարէ Անգարան: Արցախեան թղթածրարը կրնայ հաւասարակշռումի խաղաքարտի վերածուելու  դասակարգումին տակ դիտուիլ:

Այս բոլորին մէջ առայժմ հարցումի կարգով, թէ ինչո՞ւ հայաստանեան լրատուամիջոց մը Ֆրանսայի ծերակոյտի քննարկման նախօրեակին շրջանառութեան մէջ կը դնէ Երեւան-Անգարա գաղտնի բանակցութիւններու վերսկսման լուրը, որ անմիջապէս կը հերքուէր պաշտօնական Երեւանին կողմէ:

Նախագահ Կիւլ այդ հարցին չէր անդրադարձած իր հարցազրոյցին մէջ: Կրնար աւելցնել պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան առաջարկին:

«Ա.»

Նախորդը

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ-ՍԱԼԵՀԻ-ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` 17 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.