Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՍԱՔԱՅԼԵՐ

March 29, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի վատոգի սպանութեան յաջորդող օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, հայ մամիկ մը բարձրացուցած էր պաստառ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր` «1.500.000+1», որ իմ կարծիքով, ուղղակի պատգամ մըն էր այն բոլոր թուրք ազնիւ մարդոց, որոնք ընդվզած էին հայ լրագրողին դէմ գործուած անարգ ոճիրէն եւ հրապարակ դուրս եկած էին արտայայտելու իրենց զայրոյթը:

Հայ մամիկին պատգամը` Տինքի յիշատակին զօրակցող թուրք բազմութեան, այն էր, թէ այնքան ատեն, որ թուրք հասարակութեան յառաջապահ խաւը խիզախութիւնը չունի իր պատմութեան մութ էջերը լոյս աշխարհ հանելու քայլեր առնելու, այնքան ատեն որ իր վրայէն ամբողջականօրէն չի թօթափեր թրքական պետական ցեղապաշտ քարոզչութեամբ յագեցած պատմութեան իր ընկալումները, Տինքի նահատակութիւնը առանձինն, պատահական դէպք մը չի կրնար նկատուիլ:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ եւ յատկապէս Տինքի սպանութենէն ետք ամօթխածօրէն ու դեդեւումներով սկսած` թրքական որոշ շրջանակներու կողմէ սեփական պատմութեան նայելու նոր փորձը, անշուշտ, գնահատելի է ու ամէն ձեւով արժանի` մեր խրախուսանքին:

Այսուհանդերձ, կարելի չէ անտեսել հայկական կողմին այն մտահոգութիւնները, թէ` այս տակաւին աննշան քայլերուն հանդէպ մեր չափազանց խանդավառութիւնը կրնայ խափանել ինքնաճանաչման թրքական երթը, կրնայ կէս ճանապարհին կանգնեցնել այդ շարժումը:

Արդարեւ, թրքական աշխարհէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնէն անուղղակի ակնարկներն իսկ շեփորահարելով` իբրեւ մեծագոյն իրագործում, դժուար թէ նպաստենք այդ ահաւոր ոճիրի պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ հաշտութեան իրական ճանապարհներ որոնելու միտումներուն:

Այս մեկնակէտէն է, որ վերապահութեամբ կը մօտենանք Թուրքիոյ Ժամանակակից լրագրողներու ընկերակցութեան ուշացած ու թերի նախաձեռնութեան, որ նախաօսմանեան եւ յետօսմանեան Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողներու ցուցակին վրայ տասը հայ յայտնի նահատակ գրողներու անուններ կ՛աւելցնէր:

Այս նոյն մեկնակէտէն է, որ վերապահութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը նայինք «Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ» խորագրուած հանդիպումին, որ ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն կողմէ պիտի կազմակերպուի մարտ 31-ին, Քալիֆորնիոյ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանին մէջ, եւ որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպող իթթիհատական երրորդութեան անդամ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը: Հայ վրիժառուի (Ստեփան Ծաղիկեան) գնդակով Թիֆլիսի մէջ 1922-ին զգետնուած Ճեմալի թոռնիկին Ծիծեռնակաբերդ ու Տէր Զօր այցելութիւնն ու նահատակներու յիշատակը յարգելու քայլերը ինքնամաքրման դաժան գործընթացի մը միայն առաջին քայլերն են, որոնց արդիւնաւէտ զարգացումը կախեալ է մեր անդրադարձէն, նման դրսեւորումներու աւելորդ զգայնութիւններ (թէ՛ դրական, թէ՛ ժխտական) չշռայլելու մեր լրջութենէն:

Մեր կորուստը անսահմանելի է: Թուրք լրագրողները, Ճեմալ փաշայի թոռը եւ անոնց հետքերով ընթացողները պէ՛տք է իմանան, որ մենք չենք կրնար բաւարարուիլ կիսաքայլերով. պէտք է կարենան խորաչափել ու զգալ հայոց ցաւին ահագնութիւնը, անոր ամբողջութիւնը: Անոնք պէտք է գիտնան, որ մենք ատոր է, որ կը սպասենք:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՄԱՐՏ 2011-Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.