Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

March 29, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 յունուարին Շուէտի համարկումի նախարարը` Ազատական-ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Էրիք Ուլենհաք, Սթոքհոլմի սինակոկին մէջ Ողջակիզման զոհերու  յիշատակութեան իր ելոյթին մէջ յիշած էր Հիթլերի խօսքերը եւ օգտագործած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդուէր Շուէտի  կառավարութեան կայքին վրայ:

Նախարարը ըսած էր. «Ատոլֆ Հիթլերին կը վերագրեն «Ո՞վ կը յիշէ հայերուն…»  արտայայտութիւնը: Ան նկատի ունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն, երբ մօտ 1,5 միլիոն հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներ  զոհուեցան այդ երկրին մէջ, որ այսօրուան Թուրքիան է: Ոչ ոք պէտք է արտասանէ` «Ո՞վ կը յիշէ հրեաները»: Նուազագոյնը, որ մենք կրնանք ընել` յարգելու համար Ողջակիզման զոհերուն յիշատակը, միշտ գիտելիքը պահելն է, թէ ինչ եղած է: Եթէ ժխտողներուն թոյլատրուի յաղթել պատմութեան պայքարը, այդ անդառնալի ոտնձգութիւն կ՛ըլլայ զոհերու յիշատակին առջեւ: Եւ մշտապէս կ՛ըլլայ վտանգը, որ ան  կրնայ կրկնուիլ»: Թուրքիոյ պաշտօնական բողոքներուն տեղի տալով, օրեր անց, Շուէտի կառավարութիւնը իր կայքէն վերցուցած է իր նախարարին խօսքը:

Շուէտի այս կառավարութիւնը չորս կուսակցութիւններէ կազմուած նոյն համախմբական կառավարութիւնն է, որ անցեալ տարուան մարտի 11-ին դէմ քուէարկեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած հայոց եւ այլ ցեղասպանութիւնները ճանչցող բանաձեւին:

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը բողոքի նամակով դիմած է Շուէտի վարչապետին`  պահանջելով սրբագրել կատարուած փոփոխութիւնը, նկատել տալով, որ նման կեցուածք անյարիր է Շուէտի նման բարձր քաղաքակրթութեան տէր, արդարութեան ու ժողովրդավարութեան յառաջատար երկրի մը համար, շեշտելով յատկապէս այն, որ կառավարութիւնը այդ քայլին դիմած է նահանջելով թրքական պետական ուղղակի ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք, ինչ որ կրկնապէս անընդունելի կը նկատուի Սթոքհոլմի հաշուոյն:

Սոյն նամակին օրինակը ուղարկուած է նաեւ համարկման նախարարին, իսկ Ֆրանսայի մէջ Շուէտի դեսպանին հետ տեսակցութեան դիմումին զուգահեռ, դեսպանատուն եւս ուղարկուած է հարկ եղած բողոքը, որուն մասին մեր գրասենեակին կողմէ նաեւ կատարուած է մեծ լրատուական-տեղեկատուական արշաւ Ֆրանսայի մէջ շուէտական տարբեր հիմնարկներու եւ կազմակերպութիւններու մօտ:

2 մարտին Հայ դատի գրասենեակին տնօրէնը եւ գործավարուհին 45 վայրկեան տեսակցութիւն ունեցան Շուէտի դեսպան Կունար Լունտի հետ եւ արծարծեցին հարցը: Դեսպանը յայտնեց, թէ նախարարին ելոյթը անհատական համոզումի հարց էր եւ չէր ցոլացներ իր կառավարութեան կեցուածքը այս թղթածրարին մէջ, հետեւաբար անոր խօսքը, որ տեղադրուած էր կայքէջին վրայ, դուրս բերուեցաւ: Մեր ընկերներուն այն պնդումին վրայ, թէ թրքական պետութեան ճնշումներուն հետեւանքը չէ՞ արդեօք շուէտական կառավարութեան այս քայլը, դեսպանը կտրականապէս մերժեց նման ենթադրութիւն` հաստատելով, թէ իր երկիրը ինքնիշխան է եւ ի՛նք կու տայ իր բոլոր որոշումները` մեկնելով սեփական սահմանադրութենէն եւ սկզբունքներէն: Այստեղ մեր ընկերները ուղիղ վիճաբանութեան ճամբով յայտնած են, թէ նախարարի ելոյթին մէջ ոչ մէկ հակասահմանադրական կեցուածք կայ, ընդհակառակը, ելոյթը յարիր է Շուէտի նման ժողովրդավար, բարձր քաղաքակրթութեան տէր պետութեան մը համամարդկային գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն, որուն մեծագոյն ջատագովներէն մէկը հանդիսացած է մինչեւ օրս:

Նախորդը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ

Յաջորդը

ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇՈՒԷՏԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ- ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.