Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Գաղտնազերծուած Փաստաթուղթերու. Թուրքիան, Բացի Հայաստանէն, Մտադիր Է Նաեւ Յունաստան Ներխուժել

June 19, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 նոյեմբեր 2019-ին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ գործող «Նորտիք Մոնիթըր»-ի գործադիր տնօրէն, լրագրող, ազգութեամբ թուրք Ապտուլլահ Պոզքուրթ հրապարակած էր «Թուրքիան Հայաստանի դէմ զինուորական գործողութիւններ ծրագրած էր» վերնագիրով յօդուած մը` նշելով, թէ Թուրքիան Հայաստանի դէմ օդային յարձակումներ ծրագրած էր, որ, սակայն, տակաւին ուժի մէջ է:

Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ այս տարուան 15 յունիսին «Թուրքիան Յունաստան ներխուժելու ծրագիր ունի. կը բացայայտուին գաղտնի փաստաթուղթեր» վերնագիրով յօդուած հրապարակած է: Ըստ այդ փաստաթուղթերուն, Յունաստան ներխուժման ծրագիրը կը կրէ 11-րդ դարու սելճուք հրամանատար Չաքա Պէյի անունը` «Թուրքիոյ զինեալ ուժերու Չաքապէյ գործողութիւններու ծրագրաւորման հրահանգ»:

Չաքա Պէյը Բիւզանդիոնի դէմ երկար ժամանակ պատերազմած, յունապատկան շարք մը կղզիներ գրաւած եւ Եգէական ծովուն մէջ իշխանութիւն հաստատած էմիր էր:

13 յունիս 2014 թուականը կրող վերոնշեալ փաստաթուղթը, ըստ հեղինակին, լրամշակուած ու վերջնականապէս կազմուած է եւ, ենթադրաբար, տակաւին ուժի մէջ է:

«Փաուըր Փոյնթ» ծրագիրով կազմուած փաստաթուղթը, որ գաղտնազերծուած է, ցոյց կու տայ հրահանգներու անուններն ու թուականները: Կ՛երեւին Հայաստանի եւ Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ գործողութիւններու հրահանգները, անոնց անուններն ու հրապարակման թուականները:

Փաստաթուղթերը հրապարակուած են, երբ դատական նիստէ ետք, Թուրքիոյ նախագահին մօտիկ եղող դատախազ Սերտար Ջոշքուն հաւանաբար մոռցած էր վերցնել գաղտնի փաստաթուղթերը, նախքան դատական նիստերէն մէկու ծիրին մէջ զայն ներկայացնէր դատարանին: Այդ փաստաթուղթերը երկրի սպայակոյտէն ստացուած էին 15 յուլիս 2016-ին` անյաջող զինուորական յեղաշրջումի դատական գործի ծիրին մէջ:

Յունաստան ՕԹԱՆ-ը Նախազգուշացուցած Է
Դաշինքի Անդամի Կողմէ Ուժի Կիրարկման Սպառնալիքի Մասին

Յունաստանի գլխուն կախուած է «ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի կողմէ ուժի կիրարկման սպառնալիքը»: Այս մասին ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու տեսաժողովին ընթացքին յայտարարած է Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս:

Անոր խօսքով` նման «չլսուած կեցուածք» կը խաթարէ ռազմական դաշինքի միասնութիւնը: Փանայոթոփուլոս շեշտած է, որ Յունաստան կը ձգտի օգնել դաշինքի ամրապնդման:

Նիքոս Փանայոթոփուլոս 5 յունիսին յայտարարած էր, թէ Յունաստան կը գերադասէ քաղաքական տարակարծութիւնները դիւանագիտութեան միջոցով լուծել, սակայն նոյն ատեն չի բացառեր Թուրքիոյ հետ զինեալ բախումի հնարաւորութիւնը` իր սահմանները պաշտպանելու համար:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Գագիկ Ծառուկեանի Կալանքի Միջնորդութեան Քննարկումը Պիտի Շարունակուի 19 Յունիսին

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.