Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ 2001-Ի ԵՒ 2006-Ի ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉԷ, ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊՈՒՐՃՈՒՕՂԼՈՒ

January 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թահսին Պուրճուօղլու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը «լուրջ հարուած պիտի հասցնէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ հանդիպումը կազմակերպած էին ընկերվարական ծերակուտականները` ծերակոյտին մէջ նշեալ օրինագիծին 23 յունուարին նախատեսուած քննարկումէն առաջ Թուրքիոյ տեսակէտներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար:

«Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած երկարատեւ պատերազմի ժամանակ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ ցաւ ապրած են: Մենք սկսած ենք այդ հարցը Թուրքիոյ մէջ լրջօրէն քննարկել, եւ ատոր քննարկումը մեր երկրին մէջ այլեւս արգիլուած չէ: Սակայն դուք կ՛արգիլէք այդ քննարկումները: Թոյլ տուէ՛ք, որ պատմաբանները այդ հարցը քննարկեն», ըսած է Թուրքիոյ դեսպանը` աւելցնելով, որ «Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին իր նախագահութեան տարիներուն ճիշդ սկիզբէն Թուրքիան քաւութեան նոխազ դարձուց, սպաննեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մեր փափաքը: Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր ընտրութենէն առաջ թուրքերը եւ Թուրքիան քաւութեան նոխազի կը վերածուին: Մենք յոգնած ենք Սարքոզիի` նախընտրական չմտածուած քայլերէն: Թուրքիան 2001-ի եւ 2006-ի Թուրքիան չէ, այս անգամ որոշած է շատ լուրջ հակահարուած տալ»:

Թրքական օրաթերթը կը գրէ, որ ծերակուտական Ֆիլիփ Կալթենպախ հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պայման է: Պուրճուօղլուն ալ պատասխանած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այդպիսի չափանիշեր չունի եւ որեւէ երկրի առջեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար նման պայման դրուած չէ եղած:

Թուրք դիւանագէտը նշած է, որ եթէ օրէնքի բնագիրին մէջ ցեղասպանութիւն բառին փոխարէն «Միջազգային դատարաններու կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը գրուած ըլլար, Թուրքիան գոհ պիտի մնար:

«Օրէնքի որդեգրումը ծանր եւ շարունակական հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսած է ան` ընդգծելով, որ պիտի կասեցուին Ֆրանսայի հետ քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Նախորդը

«ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Յաջորդը

ԴԵՄՈՅԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱԾ ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՆ ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։