
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Գէորգ Վարդանեանի մահուան առիթով ցաւակցական նամակներ յղելով գովաբանեցին անոր ձեռքբերումները:
Վարդանեան Համաշխարհային Բ. պատերազմի կիսուն իբրեւ «Քա.Կէ.Պէ.»-ի գործակալ ձախողութեան մատնած էր Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարներու եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին Չըրչիլը, Ռուզվելթն ու Ստալինը սպաննելու կամ առեւանգելու նացի գործակալներու գործողութիւնը:
Ան ծնած էր 1924-ին Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքին մէջ` իրանահայ առեւտրական ընտանիքի մը մէջ: 1930-ին խորհրդային իշխանութիւնները անոր հայրը համոզած էին ընտանեօք Իրան վերադառնալ եւ այդտեղ խորհրդային գաղտնի սպասարկութեան գործողութիւններուն օժանդակել:
Վարդանեան Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան իր խորհրդատուութեան համար 2009-ին նախագահ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած էր Հայաստանի Պատուոյ շքանշանով: Ան 10 յունուարին մահացաւ Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:


