Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐ

January 13, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպըրթ Պըռնզի նամակը:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ «ՕԼՏ ԼԵՆԿ ՍԱՅՆ» ԵՐԳԻՆ, ՈՐ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՌԻԹՈՎ ԿԸ ՀՆՉԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԵՒ ՁԵՒՈՎ ՄԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՆԳԼԻԱԽՕՍ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՆՁԻ ԿԵԱՆՔԻՆ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Նոր տարուան օրը, կէս գիշերին, աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր անձեր ձեռք ձեռքի բռնած` երգեցին հռչակաւոր «Օլտ լենկ սայն» երգը: Սակայն արդեօք քանի՞ հոգի գաղափար ունէր, թէ ի՛նչ կը նշանակէին անոր բառերը:

Սկովտիական այս բանաստեղծութիւնը սիրտին լարերը թրթռացնող իր մեղեդիով կրնայ մրցիլ իբրեւ աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի ծանօթ երգը` «Հափի պըրթտէյ» երգէն ետք:

Թրաֆալկարի հրապարակին վրայ հարբած բազմութիւններէն մինչեւ Նոր Զելանտայի փոքր գիւղաւանները «Օլտ լենկ սայն»-ը Նոր տարուան հիմնական երգերէն է, որուն մեղեդին տարբեր բառերով կը հնչէ Մեքսիքայի եւ Չինաստանի նման տարբեր վայրերու մէջ:

Այսուհանդերձ, «Ուի թուա հաը ռան ըպաութ տը պրաըս, էնտ փու՛թ տը կաուանս ֆայն» բառերը անհասկնալի են ոչ միայն կէս գիշերին շուայտացողներուն համար, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛երգեն:

Նիւ Եորքի մէջ ցուցահանդէս մը ի յայտ կը բերէ, թէ այս տարօրինակ բառերը պարզապէս ցայտուն մասն են վիպերգական եւ աղօտ պատմութեան մը:

«Ասիկա երգ մըն է, որ ձեւով մը գիտենք բոլորս,- կ՛ըսէ Մանհաթընի մէջ Մորկըն գրադարանին եւ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին կազմակերպիչը` Քրիսթին Նելսըն:- Սակայն չենք գիտեր անոր նշանակութիւնը, եւ թէ` ուրկէ՞ կու գայ անիկա»:

Հասարակաց ենթադրութիւնը այն է, թէ սկովտիացի բանաստեղծ Ռոպըրթ Պըռնզ գրած է գեղօնը: Սակայն իրականութիւնը աւելի բարդ է:

Երգին մասին առաջին գրաւոր արձանագրութիւնը կը պատկանի Պըռնզի, որ 1788-ին բարեկամուհիի մը գրած է երկար ժամանակ առաջ իր մէկ կորսնցուցած բարեկամին հետ հանդիպումի մը մասին:

Հին բարեկամութեան ակնարկելով` Պըռնզ իր նամակին մէջ կը նշէ «սկովտիական «օլտ լանկ սայն» ըսելաձեւը, որ կը նշանակէ` «հին օրերու սիրոյն» (օլտ թայմ՛զ սէյք): Ապա ան կ՛աւելցնէ. «Ասիկա հին երգ մըն է եւ մեղեդի մը, որ յաճախ կը խնդացնէ սիրտս»:

Կը թուի, թէ ճիշդ այդ պահուն ցանուած են աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի սիրուած եւ կարօտախտով լեցուն երգին սերմերը: Այսուհանդերձ, պըռնզ միայն 5 տարի ետք գրի պիտի առնէր անոր բառերը եւ զանոնք պիտի ուղարկէր հրատարակիչի մը, եւ նոյնիսկ այդքան ժամանակ ետք կը թուէր, թէ բանաստեղծը բաւական երկար մտածած էր զայն ուղարկելէ առաջ:

Փառաբանուած բանաստեղծ մը` Պըռնզ 37 տարեկանին իր մահէն առաջ իր կեանքին վերջին տասնամեակը նուիրած է սկովտիական ազգագրական աւանդական երգերու հաւաքին:

Պըռնզ քանի մը տասնեակ երգերու մասին մանրամասնօրէն գրած է 1793-ին հրատարակիչ Ճորճ Թոմսընի ուղարկած իր մէկ նամակին մէջ:

«Մէկ երգ եւս, եւ կը վերջացնեմ… հին օրերու սիրոյն», գրած է բանաստեղծը:

Նշելով, թէ` «զայն արձանագրած է, երբ ծերունի մը կ՛երգէր բառերը», Պըռնզ կ՛ըսէ, թէ` «երգին բառերը երբեք չեն տպագրուած, ոչ ալ անոնք գոյութիւն ունին որեւէ ձեռագիրի մէջ»:

Ապա ան կը ներկայացնէ ամբողջութիւնը` սկսելով հռչակաւոր առաջին տողերէն. «Շուտ օլտ ըքուէյնթընս պի ֆորկաթ, էնտ նեւըր պրոթ թու մա՞յնտ» (պէ՞տք է մոռնալ հին բարեկամ մը եւ երբեք չյիշել զայն): Ապա ան կը շարունակէ 6 այլ տողերով, որոնց մեծ մասը զանց կ՛առնուին արդի ժամանակներուն Նոր տարուան գիշերը շուայտացողներուն կողմէ:

Այժմ բուռն վիճարկութեան նիւթ է, թէ արդեօք Պըռնզ պարզապէս գրի առած է խորհրդաւոր ծերունիին երգած բառե՞րը, թէ իրականութեան մէջ ի՛նքն է անոնց թաքուն հեղինակը:

«Կը կարծեմ, թէ ան վերստին գրած է երգին գրեթէ մեծ մասը, որովհետեւ իրօք, անիկա կը ցոլացնէ Պըռնզի բանաստեղծութեան ոճը», կ՛ըսէ Նելսըն:

Թոմսըն ի՛նք մտածած է, թէ` «գոյութիւն ունին որոշ ապացոյցներ, որոնք մտածել կու տան, թէ ինքնին մեր Աշուղն է հեղինակը»:

Երգին մեղեդին եւս անցած է բարդ ուղիներէ: Սկիզբը անոր բառերը դաշնաւորուած են բոլորովին տարբեր երաժշտութեամբ, իսկ այն մեղեդին, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ «Օլտ լանկ սայն», սկիզբը կ՛երգուէր այլ երգերու բառերով, ինչպէս` «Օ քան եի լէյպըր լիը, եանկ մեն»:

Երբ 1799-ին Պըռնզ արդէն մեռած էր, մեղեդին եւ իր երգին բառերը միացած էին իրենց վերջնական ձեւին մէջ:

Սակայն երկու տասնամեակ ետք էր, որ կարօտախտի եւ աղմկալից երգի մը պայթուցիկ մէկտեղումը պիտի վերածուէր համաշխարհային երեւոյթի: Երգը ժողովրդականացած էր 1920-ական եւ 1930-ական տարիներուն` Կայ Լոպարտոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր ամերիկեան երաժշտական խումբ մը, ապա դարձեալ` հոլիվուտեան շարք մը ժապաւէններու մէջ, մասնաւորաբար` 1946-ին հրապարակուած «Իթ՛ց է ուոնտըրֆուլ լայֆ» երգին ճակատագրական մէկ տեսարանին: Այնուհետեւ անոր ժողովրդականութիւնը միայն աւելցած է:

Սկովտիական անծանօթ գեղօն մը իր դժուար հնչելի բառերով ինչպէ՞ս յաջողած է կատարել նման ոստում մը: Այս իրողութիւնը կը զարմացնէ նոյնիսկ Նելսընի նման մասնագէտները:

«Չեմ գիտեր պատասխանը այս հարցումին», կ՛ըսէ ան:

Ան միայն վստահ է, թէ երգը, որ երբեք չի նշեր Նոր տարին, սակայն կոչ կ՛ուղղէ խմելու կենացը հին բարեկամութեան, կատարելապէս կը յարմարի Նոր տարուան:

«Անիկա մաս կը կազմէ անգլիախօս աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր անձի կեանքին,- կ՛ըսէ Նելսըն:- Կը գիտակցինք հին բարեկամները արժեւորելու անոր կապակցութեան եւ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ բանի մասին է երգը»:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՆՇԱՆՆԵՐ

Յաջորդը

ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ…

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.