Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ Կրթական Մշակը (Մարալ Անթօեանի Յիշատակին)

May 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
Ըզգուշաւոր հպումներով`
Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով,
Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու»:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Պահ մը երեւակայենք մեր կեանքը առանց ուսուցիչի ու կրթական մշակի, արդեօք ո՞վ պիտի ստանձնէր սերունդներ պատրաստելու նուիրական աշխատանքը: Որքանո՞վ հայապահպանումը պիտի երաշխաւորուէր: Փաստօրէն հայոց գիրերու գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնած առաջին դպրոցն ու իր առաջին ուսուցիչ դառնալու իրողութիւնը հայ աշակերտին միտքը կոփելու, լուսաւորելու եւ հայ օճախ կազմելու լաւագոյն երաշխիքը կը կազմեն: Այո՛, առանց հայ ուսուցիչի նուիրական ու անդադրում աշխատանքին մեր կեանքը խոպան պիտի ըլլար, իսկ մենք պիտի ձուլուէինք ու դառնայինք անգոյն եւ անդիմագիծ ազգ մը: Փա՜ռք Մեսրոպ Մաշտոցին եւ ոսկեդարու կերտիչներուն, որոնք ապագայի տեսլականով ապահովեցին սերունդներու  գոյատեւումը, հայապահպանումը, մարդակերտումը եւ վերջապէս հայու ինքնուրոյն նկարագիրի կերտումը:

Լիբանանահայ կրթական կեանքի տերեւաթափը կը շարունակուի: Եւ ահա քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնուեցաւ ազգային, կրթական կեանքին մէջ բեղուն գործունէութիւն ունեցած ազնիւ ու առաքինի հայուհի Մարալ Անթօեանի անշնչացած մարմինը:

Ան ծնած էր 1956-ին: Կրտսեր զաւակն էր խարբերդցի Սուրէն եւ Լուսին Անթօեաններու, որոնք Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ճաշակած էին եւ կազմած հայաբոյր ու ազգային ընտանիք մը: Անթօեան ընտանիքը ազգին պարգեւեց երեք զաւակներ, որոնք առաւելագոյն յանձնառութեամբ իրենց անմնացորդ նուիրումով հայ մշակոյթի, դպրութեան գանձարանին ներդրում ունեցան: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքներուն, ուղեգիծին անշեղ ու հաւատաւոր անդամները մնացին մինչեւ իրենց կեանքին վերջին շունչը:

Մարալ Անթօեանը նախակրթութիւնը ստացած էր Էշրեֆիէի Ազգային Ղազար Չարըք (ապա` Ազգային Գ. Չաթալպաշեան) վարժարանին մէջ: Ապա յաճախած է Հայկազեան համալսարան, ուրկէ վկայուած է հոգեբանութեան ճիւղէն պսակաւոր արուեստից վկայականով, իսկ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած է մագիստրոս վկայականով իբրեւ խորհրդատու հոգեբան եւ դարձած այս ճիւղը աւարտած լիբանանահայ առաջին ուսանողուհին: Ան ուսուցչական պաշտօն վարած է Յովակիմեան-Մանուկեան, Ղազար Չարըք  (ապա` Ազգային Գ. Չաթալպաշեան) եւ Հազմիէի անգլիական դպրոցներուն մէջ: Ան նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ մանկապարտիզպանուհիներու յատուկ դասընթացքներուն հոգեբանութիւն դասաւանդած է: Մարալ Անթօեանի կեանքը այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ: Կեանքի ինչ դիպուածով անակնկալօրէն կորսնցուց իր եղբայրը (1976-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն) եւ քոյրը` դարձեալ կրթական նուիրեալ մշակ օրդ. Վարդուկը (2017-ին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով):

Սակայն Մարալ Անթօեանը խարբերդցի հայու տոկուն նկարագիրով պայքարեցաւ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ:

Նախ իր ուսումը, փորձառութիւնն ու ամբարած գիտութիւնը ի սպաս դրաւ լիբանանահայ կրթական կեանքին: Երկար տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարեց, եւ այսօր իր բազում աշակերտները երախտիքով կը յիշեն զինք: Ան բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին մէջ իբրեւ տարիներու գործավար (ատեն մըն ալ Ուսումնական խորհուրդի անդամ դարձաւ): Իրեն համար գործավարութեան պաշտօնը առաքելութիւն էր: Ան լաւապէս կը հասկնար ուսուցիչներուն տագնապն ու դժուարութիւնները: Միշտ ժպիտով խորհրդատուի դեր կատարեց եւ դրական մօտեցումով փորձեց թափանցել ուսուցիչներուն հոգեկան աշխարհը: Կասկածէ վեր է, որ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն յաջողութիւնը կ՛ոգեւորէին զինք: Այս ձեւով ան կը հաւատար  հայ դպրոցի առաքելութեան: Իր ասպարէզէն հանգստեան կոչուելու առիթով Ազգային առաջնորդարանը 29 դեկտեմբեր 2017-ին, գնահատանքի ձեռնարկ մը կազմակերպեց եւ զինք պարգեւատրեց յուշանուէրով մը:

Ան իր կեանքի կարեւոր մաս մըն ալ յատկացուց ազգային կեանքին: Ան դարձաւ Խարբերդցիներու հայրենակցական միութեան անդամ` իր արմատներուն, հայրենի բարքերուն միշտ հաղորդ մնալով: Ատեն մը մաս կազմեց «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան` հոն եւս իր պարտականութիւնը լիուլի կատարելով: Հայ մշակոյթի հանդէպ իր սէրը արտայայտեց մաս կազմելով Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին: Եւ վերջապէս իր գաղափարական սնունդն ու հաւատալիքները դրսեւորեց մաս կազմելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` տարիներով դառնալով հաւատաւոր անդամը ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին:

Մարալ Անթօեան ընտանիք չկազմեց, բայց շնորհիւ իր հեզահամբոյր հոգիին, սիրոյն, ծառայասիրութեան, պարկեշտութեան, ուղղամտութեան եւ ազնուութեան, շահեցաւ բազմաթիւ հայորդիներու բարեկամութիւնը, որոնք սեպեց իր հարազատներն ու ընտանիքը:

Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը աւելի քան տասնհինգ տարիներ առաջ բոյն դրած էր օրդ. Մարալին մարմինին մէջ: Ան մաքառեցաւ հիւանդութեան դէմ հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ, մինչեւ որ անիկա տապալեց զինք, եւ ան կեանքին հրաժեշտ տուաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին` Ծաղկազարդի օրը: Նկատի ունենալով աշխարհի դիմագրաւած «Քորոնա» համավարակը` իր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ շատ սեղմ թիւով բարեկամներու ներկայութեան: Սակայն իր վաստակն ու խօսուն կեանքը երբեք փոշիի մէջ պիտի չմնան եւ Դանիէլ Վարուժանի բառերով` «Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`

Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ»:

Հանգի՛ստ յոգնատանջ ոսկորներուդ:

Յիշատակդ անթառա՛մ մնայ, օրդ. Մարալ:

 

Նախորդը

Կարպիս Գույումճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Անթիպոթիքի Դիմադրողականութիւն Antibiotic Resistance

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.