
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ կալեսցի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Մարք Հիուճ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Նիլ Ուորնոքը, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնազրկուեցաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
48 տարեկան Հիուճ, որ երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, եօթը ամիս առաջ Ֆուլհեմի մարզիչն էր:
Ըստ անգլիական մամուլին, ակումբը առիթ պիտի տայ Հիուճի, որպէսզի ան իր կազմը զօրացնելու համար նորեկ մարզիկներ միացնէ անոր շարքերուն:


