Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

January 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 10 յունուար 2012-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդական շարժումները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Տասը հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին նախկին երեսփոխան տոքթ. Փիեռ Տաքքաշ եւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ եւ Երիտասարդական միութեան ատենապետ Փոլ Այանեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի բոլոր համայնքները ներկայացնող եւ զանազան մասնագիտութիւններու տիրացած անձեր:

Հանդիպումին քննարկումներուն առանցքը կազմեց Լիբանանեան համակեցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ ծաւալելու հրամայականը: Այս մասին իրապաշտ մօտեցումով իրենց տեսակէտները յայտնեցին բոլոր ներկաները: Անոնք շեշտեցին քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան գործնական արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը` ընկերութեան կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Վեհափառը ողջունելով ներկաներուն ու անոնց ներկայացուցած կազմակերպութիւններուն նախանձախնդրութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան նկատմամբ, իր կարգին շեշտեց ժողովրդային մակարդակի վրայ այդ գոյակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու կարիքը: Վեհափառը նաեւ կոչ ուղղեց, որ նոյն այս գոյակցութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ լիբանանեան սփիւռքին մէջ: Վերջապէս, վեհափառը ըսաւ, թէ ընկերային-քաղաքական վերիվայրումներու մէջ գտնուող շրջանի այլ երկիրներուն համար օրինակ պէտք է հանդիսանայ լիբանանեան համակեցութիւնը:

 

Նախորդը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ՀԵՏ «ՔԻՉ ԲԵՌՑԻՐ, ՇՈՒՏ ԴԱՐՁԻՐ»

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.