Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաժեշտ` Վերջին Անթոյեանին … Եւ Սեդայիկին

May 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ

Շատ կարօտցած էիր ձերիններուն, մանաւանդ` Վարդուկին: Դիմատետրի էջիդ վերջին տեղադրումները ա՛յդ ցոյց կու տային:

Ու յանկարծ` հրաժեշտներու անհուն տարափ մը, յիշատակի նկարներ:

Դիմատետրի էջդ կը մնայ:

Դուն արդէն չկաս:

Ընկերուհի Մարա՛լ, ինչպէ՞ս ձգեցիր «Գովալիզ»-ը` Անթոյեաններու խանութը: Ո՞վ քեզի նման պիտի գուրգուրայ անոր:

Յաջորդ Լիբանան այցիս, ինչպէ՞ս պիտի անցնիմ այդ թաղէն եւ ալ չկարենամ մտնել քովդ բարեւ մը տալու:

Հապա ինչպէ՞ս պիտի մտնեմ առաջնորդարան եւ քեզ չգտնեմ այլեւս:

Որմէ՞ պիտի խնդրեմ ուսումնական ծրագիրներ եւ նոր դասագիրքեր:

Մեր վերջին հանդիպումը Վարդուկի մահէն քանի մը ամիս առաջ էր… Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ` ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ: Ա՜խ… այո՛, հոն հանդիպեցանք վերջին անգամ, միասին մոմ վառեցինք, աղօթեցինք… բայց ո՞վ իմանար, որ այդ վերջինն էր:

Բարեւէ ընկեր Սուրէնին: Իսկ քնքուշ Վարդուկին ալ տուր «տաքուկ եւ համով» փաթթուկ մը, ինչպէս ինք պիտի ըսէր:

Ժպիտդ յիշողութեանս մէջ կը մնայ:

Դո՛ւն դեռ կաս:

… Եւ Սեդայիկին

Սեդայիկս ալ չկայ:

Հաւատաւոր դաշնակցական մը,

Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական մը,

Հաւատաւոր էշրէֆիէցի մը,

Եւ հպարտ «Ազատամարտ»-ական մը տապալեցաւ:

Բայց թէ ինչո՞ւ Սեդայիկ, պէտք է հարցնել մանուկ անձիս: Սրտէս այդպէս բխած էր եւ զինք ցմահ մկրտած էի` Սեդայիկ:

Սեդայիկը եւ հասակ առնելուս վկայ «Ազատամարտ» ակումբս միաձուլուած կը պատկերացնեմ: Բացատրեմ:

Սեդայիկս ընտանիքի բարեկամ չէր միայն: Ան ընտանիքի անդամ էր: Քրոջս կնքամայրն էր, բայց … նաեւ իմս: Որովհետեւ այդպէս կ՛ուզէի, որովհետեւ հպարտ էի իրմով,  որովհետեւ միութենական աշխատանքի, զոհաբերութեան եւ համադամ ճաշեր պատրաստողի մարմնացումն էր:

Ինչպէ՞ս լոկ բարեկամ մը կրնայ ըլլալ այն անձը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն մեր տունէն մինչեւ «Ազատամարտ» ակումբ` մօրս հետ, արիաբար եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ` անցնելով փաղանգաւորներու կեդրոնին առջեւէն, մանկական սայլակիս մէջ կը փոխադրէին զինամթերք, իսկ ես` անձայն ու լուռ ծծկեր երեխայ, բազմած կ՛ըլլայի անոնց վրայ:

Ինչպէ՞ս ըլլար պարզ բարեկամ մը, որ դարձեալ այդ դժնդակ օրերուն զօրանոցի վերածուած մեր տան մէջ հաւաքուած մարտական տղոց կերակրելու եւ հոգալու համար ամէն օր մօրս ձեռք կ՛երկարէր:

Ինչպէ՞ս չյիշել պճնուած, միշտ «Քոքէթ» ու ժպիտը դէմքին` Սեդայիկը, որ պատրաստ էր օրական դրութեամբ այցելելու թաղեցիներուն, անոնց որպիսութիւնը հարցնելու` ԼՕԽ-ականի մը ազնիւ առաքելութեամբ:

3 ապրիլ 2020-ին առտու ժամը 9:30-ի մօտ (Թորոնթոյի ժամով) յիշեցի զինք… 11-րդ կարգի աշակերտներուս կը խօսէի փայծաղի դերին մասին: Ըսի` ոչխարինը կարելի է պատրաստել եւ հրամցնել իբրեւ ախորժաբեր: Ըսի` «կնքամայրս» նշանաւոր է անոր պատրաստութեան մէջ:

Քանի մը ժամ ետք Սեդայիկիս մահուան գոյժը լսեցի:

Ցնցուեցայ:

Փոխադրուեցայ մանկութիւն` քաղցր յուշերով լեցուն հետաքրքրական օրերը:

Զգացի որքա՜ն կարօտցած եմ իրեն:

Համոզուեցայ, որ կեանքէս կարեւոր մաս մը անդարձ գացած էր:

Ու լացի…

 

 

 

Նախորդը

«Երազը Ունինք»

Յաջորդը

Համահայկական Դերակատարութիւն` Համահայկական Զօրակցութիւն

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.