Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը (Քալչիօ) կրնայ վերսկսիլ յառաջիկայ ամիս, այս գծով կը յայտնէ «Bleacher Report»:
Նշուեցաւ, որ ախոյեանութեան մասնակից ակումբները, կողմ քուէարկած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսիլ յառաջիկայ 13 յունիսին: Այժմ ակումբները թէեւ սկսած են իրենց փորձերուն, բայց ֆութպոլիստները կը մարզուին անհատական ծրագիրով:
Շատ հաւանական է, որ միայն յառաջիկայ շաբաթասկիզբէն ետք միայն, բոլոր ֆութպոլիստները սկսին միասնաբար մարզուիլ:
Նշենք, որ վերջին շրջանին տարաձայնութիւններ կային, որ տարեշրջանը ժամանակէն շուտ կրնայ աւարտիլ, եթէ անիկա մինչեւ յառաջիկայ 14 յունիսին չվերսկսի:
13 մարտին ընդմիջուած ախոյեանութիւնը եթէ վերսկսի, մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց համակիրներու:
Բայց եւ այնպէս, պէտք է նկատի ունենալ այն կարեւոր կէտը, որ Իտալիոյ կառավարութեան դիրքորոշումէն կախեալ է այս տարեշրջանին վերջնական ճակատագիրը: Առանց անոր թոյլտուութեան կարելի չէ անոր վերսկսիլ:



