Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Քեն Քուչինելի յայտնած է, թէ Թեհրան կրնայ յատուկ օդանաւ մը ուղարկել Միացեալ Նահանգներէն իր 11 քաղաքացիները վերադարձնելու համար:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի 11 քաղաքացիները իրենք յայտնած են հայրենիք վերադառնալու ցանկութեան մասին, իսկ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտադիր են արտաքսել զանոնք:
«Մեր մօտ կը գտնուին ձեր 11 քաղաքացիները, որոնք այստեղ ապօրինի կերպով կը գտնուին, եւ որոնց մենք փորձած ենք վերադարձնել: Եւ յանկարծ դուք կ՛ըսէք, թէ կ՛ուզէք զանոնք վերադարձնել: Ուրեմն չարթըր թռիչք ուղարկեցէ՛ք, եւ մենք մէկ անգամէն բոլորը պիտի վերադարձնենք», գրած է ամերիկացի պաշտօնատարը «Թուիթըր»¬ի վրայ:
Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր կը փորձէ հայրենիք ուղարկել իրանցի փրոֆեսէօր Սիրուս Ասկարին:



