Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշին Մերն Է Մնալու

May 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շուշին հայոց երազներուն թագուհին է եւ մեզ առաջնորդող տիեզերահունչ աստղը: Անիկա եղած է հոգիներն ու միտքերը պայծառացնող հրաշափառ ճանապարհ, որով կամքերը կռանուած են, հաւաքական ապրումները աշտարակուած, ոգեկան արժէքները առաւել իմաստաւորուած եւ ազգային եզակի դիմագիծի ու առանձնայատկութեան  վճիտ տարրերը պահպանուած:

Հազարամեայ այս իւրայատուկ աստղին ծնունդը իր ժողովուրդին գոյութեան հետ պայմանաւորուած է, այլ խօսքով` բնութեան հրաշալիք այս հողատարածքը, շնորհիւ հոն ապրած ու ստեղծագործած ժողովուրդի մը, դարձած է հայրենիք, լոյսի ու յոյսի օրրան, մարդկութեան մշակոյթ նուիրած հայաշունչ օճախ:

9 մայիս 1992:

Սովորաբար այս թուականին հայ գրիչը իր յաղթերգն է, որ սպիտակ թուղթին կը յանձնէ եւ, զարկ տալով իր երեւակայութեան, լոյսին կը բերէ հայոց անկրկնելի յաղթանակին գեղեցկութիւնը, երբ հայ մարտունակ կամքը կ՛որոշէր ա՛լ ձերբազատիլ հոն բոյն դրած թաթարածին-ազերի հորդաններէն, ուժգին հարուածել թշնամին եւ  միանգամընդմիշտ լռութեան մատնել անոր մահասփիւռ հրետանին:

Ու կը կատարուէր անխուսափելին. հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած բուռ մը մեր օրերու ֆետայիներու ձեռամբ կ՛ազատագրուէր բերդաքաղաք Շուշին, եւ անոր գագաթին կը ծածանէր հայոց Եռագոյնը:

Փաստօրէն, 1988-ին բռնկած Արցախի ազատագրական պայքարի վսեմագոյն դրուագներէն մէկն է Շուշիի վերահայացումը, որովհետեւ «Հարսանիք լեռներում» կոչուած սրբազան գործողութիւնը, հայ մարտունակ բազուկի եւ մտքի լաւագոյն արտայայտութիւնն էր, երբ ռազմավարական մտածումի տէր հրամանատարութիւնը, իր կողքին ունենալով աննման ու արիասիրտ տղաներու բացառիկ կամքն ու կորովը, կը յաջողի ոչ միայն կազմակերպել յանկարծակի յարձակում, այլեւ` խուճապի մատնել թշնամին, որուն ունեցած զինական կարողութիւնն ու պահեստը քանի մը անգամ աւելի էին:

Այո՛, շնորհիւ հայ տղոց հարուածող բազուկին եւ աննահանջ կամքին, թուրք-ազերին խուճապահար փախուստ տուաւ եւ չարաչար պարտուած հեռացաւ հայոց հայրենիք` Շուշիէն: Այդ օրէն սկսեալ Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերը հայօրէն եւ միւռոնաբոյր կը ղօղանջեն` համայն աշխարհին յիշեցնելով հայոց յաղթանակը:

Այսօր Շուշին կամաց-կամաց կը վերականգնի, հոն, այդ սրբազան բարձունքին վրայ ապրող հայը կը շարունակէ հերկել իր հողը, կառուցել հայրենի տունը, ստեղծել իր հայաբոյր օճախը եւ վերահաստատել մշակոյթի օրրան ըլլալու երբեմնի կոչումը:

Այդուհանդերձ, յաղթանակ ապահոված եւ բանակ կազմաւորած հայութիւնը մտահոգ է: Բազմաթիւ երեւոյթներ (քաղաքական ներքին հարցեր, այլամերժութիւն, ատելութեան սերմանում, անհանդուրժողութիւն, աղանդաւորական թէ սորոսական քանդիչ շարժումներ) կլանած են մեր առօրեայ կեանքը: Ներհայկական հարցեր տակաւ կը բարդանան, քաղաքական մօտեցումներ եւ վարքագիծեր զիրար կը հրմշտկեն, արուեստական կէտեր ու նիշեր արձանագրելու արշաւ մը կուրցուցած է մեր աչքերը եւ բթացուցած մեր քաղաքական հոտառութիւնը:

Ցարդ կատարուած բազմաբնոյթ աշխատանքները ստուերելու կամ նսեմացնելու միտում չունին վերեւ արձանագրուած տողերը, պարզապէս զգուշացման եւ աւելի շրջահայեաց ըլլալու հրաւէր մըն են, որովհետեւ, ինչպէս միշտ, թշնամին(եր) տիւ եւ գիշեր կը հետեւի(ն), օգտագործելու ամէն թուլութիւն եւ պառակտում, կրկին հարուածելու Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ընկճելու Հայաստանի պետական ու քաղաքական կամքը:

Աշխարհաքաղաքական գազանային մրցավազք մը դարձեալ ինքզինք կը պարտադրէ, իսկ որոշումի կեդրոններ կը փորձեն առաւելագոյնս շահիլ նորովի քարտէսագրութենէ:

Այլ խօսքով, հայ ռազմական միտքն ու բազուկը հարուածեց թշնամին(եր) եւ չէզոքացուց ամէն քաղաքական մկրտում(ներ): Գերակնկալութիւնը` քաղաքական մտքի ու դիւանագիտութեան յաղթանակն է, որուն ասպարէզ բացուած կը թուի ըլլալ:

Ամէն պարագայի, հայութիւնը կրնայ յաղթել նաեւ այս բնագաւառին մէջ, եթէ երբեք կարենայ ողջագուրուիլ հայոց ժայռացած լեռներու հետ եւ տոկալ բոլոր ճնշումներուն:

Փաթեթային թէ փուլային քաղաքական տարբերակներ` Շուշին մե՛րն է մնալու:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը` Շուշիի Ազատագրութեան 28-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Ամբողջական Յաղթանակի Օրը Մօտեցնելու Համար (Շուշիի Ազատագրման Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծման 28-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.