Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Նախարարներն Ու Երեսփոխանները Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդարանէն Կը Հնչեցնեն Իրենց Բողոքը

May 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յոյն ուղղափառ համայնքի ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ նախանցեալ գիշեր յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան իրենց հոգեւոր առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` քննարկելու համար համայնքին դէմ արձանագրուած անիրաւութիւնը եւ բողոքելու այդ մասին:

Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կարդաց ներկաներուն անունով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յոյն ուղղափառ համայնքը անիրաւուած է, հակառակ անոր որ տարիներ շարունակ ան լիբանանեան պետութեան նեցուկ կանգնած է:

«Այս հաղորդագրութեամբ պաշտօնապէս կը յայտնենք մեր ցասումը` պետական նշանակումներու պարագային յոյն ուղղափառ համայնքը անիրաւելու քայլին դէմ, եւ կը պահանջենք սրբագրել մեր համայնքին հաշուոյն գործուած այդ սխալը:

«Ըստ երեւոյթին բոլորին հանդէպ յոյն ուղղափառ համայնքին ցուցաբերած բաց գործակցութեան պատճառով սուղ վճարեց գինը եւ զրկուեցաւ պետական կարգ մը պաշտօններ ստանձնելէ` համայնքային հերթափոխութեան պատրուակին ներքեւ: Հետեւաբար, յոյն ուղղափառ համայնքը ինքզինք ստիպուած կը գտնէ պաշտպանելու իր իրաւունքները, որոնց ընդմէջէն պաշտպանած կ՛ըլլայ նաեւ հաւասարութիւնն ու սկզբունքները», հաստատեց ան:

Ֆըրզլի ընդգծեց նաեւ, որ, ըստ սահմանադրութեան, յոյն ուղղափառ համայնքը իրաւունք ունի ներկայացուելու դատական, ելեւմտական, զինուորական եւ վարչական մարզերուն մէջ` ընդգծելով, որ եթէ այդ նշանակումները չկատարուին, ապա յոյն ուղղափառ համայնքը իրաւազրկուած պիտի նկատուի, ինքնաբերաբար պիտի մերժէ այդ անիրաւութիւնը` պահանջելով իր իրաւունքները:

Ֆըրզլի յայտնեց նաեւ, որ յոյն ուղղափառ համայնքը կը պահանջէ, որ Բ. կարգի պետական պաշտօնեաներուն մէջ իր զաւակներէն ներկայացուցիչներ նշանակուին` աւելցնելով, որ պաշտօնեայ մը փոխելու պարագային պէտք է նկատի ունենալ անոր համայնքը եւ նոյն համայնքէն այլ պաշտօնեայ մը նշանակել:

Ֆըրզլի կոչ ուղղեց վարչապետ Հասսան Տիապի` յոյն ուղղափառ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերելու այնպիսի վարուելակերպ, զոր մնացեալ բոլոր համայնքներուն նկատմամբ կը դրսեւորուի, այլապէս յոյն ուղղափառ համայնքը պիտի մերժէ այս վարուելակերպն ու համայնքին լուսանցքայնացումը, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու համար:

ՆՇԵՆՔ, որ Ֆըրզլի երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք հաստատեց, որ նշանակումներուն գծով հարցերը կ՛ուղղուին ճիշդ ուղիով:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 19

Յաջորդը

Հըթթի Իր Մօտ Կանչեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.