Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` «Քորոնա»-ի ճգնաժամին զարգացումները:
Համախմբումը զգուշացուց երկրին մէջ ամերիկեան տոլարի արժէքին անհամեմատ բարձրացումէն եւ անոր ունեցած հետեւանքներէն` Լիբանանի տնտեսական ու ընկերային կեանքին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ:
Համախմբումը երկրին ելեւմտական իշխանութիւնները պատասխանատու նկատեց որդեգրուած ելեւմտական, օրինական եւ վարչական որոշումներուն` ընդգծելով տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժէքը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Համախմբումը շեշտեց իր կառչածութիւնը Լիբանանի ազատ տնտեսութեան համակարգին, ինչպէս ճշդուած է երկրին սահմանադրութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց սեփական մարզին դերակատարութիւնը եւ իբրեւ գործընկեր անոր ներկայութիւնը` լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու քաղաքականութիւն մշակելու առումով:
Համախմբումը նաեւ հաստատեց, որ յանձնառու է երկրին կացութիւնը փրկելու նպատակով կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն` կոչ ուղղելով կառավարութեան` աւարտելու ելեւմտական բարեկարգումի իր ծրագիրին մշակումը, վերադասաւորելու երկրին նիւթական պարտաւորութիւնները եւ օժանդակելու ազգային տնտեսութեան բարելաւման:
Համախմբումը վերահաստատեց իր մերժումը` դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարներուն ձեռք տալու` յայտնելով, որ նախանձախնդիր է երկրին նիւթական բեռը լիբանանեան պետութեան, Կեդրոնական դրամատան ու դրամատուներուն ուսերուն դնելու:
Համախմբումը հաստատեց իր կառչածութիւնը փտածութեան դէմ օրէնքներու վաւերացումին, ինչպէս` անձեռնմխելիութեան վերացման, իւրացուած գումարներու վերադարձին, քննչական յատուկ խորհուրդի իրաւասութիւններու բարելաւման եւ դէպի այլ երկիրներ փոխանցուած գումարներու բացայայտումին:
ՆՇԵՆՔ, որ Պասիլ երէկ Լաքլուքի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը: Հանդիպումը տեւեց մէկուկէս ժամ:



