Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենայ ելեւմտական միջազգային օժանդակութիւններ ստանալ:
Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Ուազնի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցէն` Պրունօ Լը Մարիէն, որ ընդգծեց Լիբանանին օժանդակելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը: Լը Մարի աւելցուց լիբանանեան պետութեան կողմէ ելեւմտական բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն պէտք է ըլլայ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրի վաւերացումը:
Լումայափոխները Կը Շարունակեն Իրենց Գործադուլը
Հակառակ այս բոլոր յայտարարութիւններուն ու կեցուածքներուն, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը կը շարունակուի, իսկ սանձարձակ սղաճը տակաւին կը ծանրացնէ լիբանանցի քաղաքացիին բեռը` այն աստիճան, որ ապրուստի ապահովումը երբեմն անկարելի կը թուի: Սղաճը իր կարգին ուղղակիօրէն կապուած է ամերիկեան տոլարի արձանագրած արժէքին. այս շրջագիծին մէջ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէ կը շեշտէ, որ սղաճը 55 առ հարիւրի համեմատութեամբ բարձրացած է, սակայն պետութեան կողմէ գործնական ոչ մէկ առաջարկ կը ներկայացուի այս իմաստով, բացի այն իրողութենէն, որ նախարարութեան անձնակազմերը ստուգումներ կը կատարեն սննդամթերքի վաճառատուներուն մէջ եւ անհամեմատ սղաճի խախտումները կ՛արձանագրեն իրենց մօտ:
Պետութեան կողմէ որդեգրուած ամէնէն լուրջ քայլը այն էր, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ ամերիկեան տոլարի համարժէք ճշդուած լիբանանեան դրամանիշը խախտող լումայափոխներէն 45 անձեր անցեալ երկուշաբթի օր ձերբակալուեցան ու անոնց վաճառատուները կարմիր մոմով փակուեցան:
Այս շրջագիծին մէջ լումայափոխներու սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մըրատ լումայափոխներու գործադուլ յայտարարեց` հաստատելով, որ անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ իրենց գործընկերներուն ազատ արձակումը եւ անոնց վաճառատուներու վերաբացումը:
Մըրատ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ դրամական ազատ շուկայ ունեցող երկրի մը մէջ կարելի չէ լումայափոխէն խնդրել, որ իր ունեցած օտար դրամանիշի ամբողջ պահեստը վաճառէ: «Աշխատանքի արտօնագիրով գործող լումայափոխներուն հետ գործակցելու միակ հեղինակութիւնը Կեդրոնական դրամատունն է, ինչպէս նաեւ քննչական խորհուրդները, եւ ոչ թէ ապահովութեան ուժերը», ըսաւ ան:
Մըրատ շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը իրենց սեւեռումը պէտք է կեդրոնացնեն ապօրինի կերպով գործող լումայափոխներուն վրայ, որոնք տոլարին արժէքը կը բարձրացնեն: «Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք մեր լումայափոխներուն ազատ արձակման ի խնդիր, եւ կը զգուշացնենք, որ արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ կայ օրէնքը խախտելու գնով զանոնք ազատազրկելու եւ անոնց արժանապատուութիւնը վարկաբեկելու:
Շինքըր. «Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Տարիներ Շարունակ Հեզասահ Գործակցութիւն Ունեցած Է Սալամէի Հետ»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու նախարարի օգնական Տէյվիտ Շինքըր երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատահածը հետեւանք է անցեալին իրերայաջորդ կառավարութիւններուն տուած սխալ որոշումներուն: «Լիբանանի մէջ տրուած են ելեւմտական ապառողջ որոշումներ` փտածութեան եւ կարգ մը անհատներու շահերը ապահովելու քաղաքականութեան զուգահեռ», ըսաւ ան:
Շինքըր կոչ ուղղեց ներկայ կառավարութեան` որդեգրելու բարեկարգումները ու անմիջապէս գործադրելու զանոնք, որպէսզի միջազգային հաստատութիւնները համաձայն գտնուին Լիբանանին պայմանաւորուած նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրել:
«Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու, մաքսատան իրավիճակը բարեկարգելու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը կանոնաւորելու: Այս որոշումներն ու քայլերը բաւական դժուար պիտի ըլլան Լիբանանին համար, որպէսզի ան կարենայ փտածութիւնը ջնջելու սկսիլ: Այս որոշումները տալը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն անհրաժեշտ», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն` Շինքըր հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը տարիներ շարունակ հեզասահ գործակցութիւն ունեցած է Սալամէի հետ, յատկապէս դրամատուներուն պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները գործադրելու եւ Հըզպալլայի պատկանող հաշիւներ փակելու առումով:
Շինքըր նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը Լիբանանի կառավարութեան որոշումն է, որովհետեւ Լիբանան գերիշխան երկիր է:



