Իտալական Աթալանթայի բերդապահ Մարքօ Սփորթիելոյի երկրորդ քննութիւնը դարձեալ անոր մօտ ցոյց տուած է «Քորոնա» ժահրի դրական պատասխան,այս գծով հաղորդեց «La Gazzetta dello Sport»-ը։
Առաջին անգամ 27 տարեկան իտալացի ֆութպոլիստին մօտ այս ժահրը ախտորոշուած էր 20 մարտին։ Անոր առողջական վիճակին մասին մտավախութիւններ չկան, յայտնեցին բժիշկները։ Ան պիտի մնայ տունը, քարանթինի մէջ։
Ֆութպոլիստը Աթալանթայի մաս կը կազմէ 2013-էն ի վեր։ Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021։



