Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յոռեգոյնը Տակաւին Պիտի Գայ, Սակայն Կրնանք Կանխարգիլել Այս Աղէտը», Կ՛ըսէ Կեպրէյեսուս

April 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս «Քորոնա» ժահրին մասին մտահոգիչ նոր յայտարարութիւններ կատարած է` նախազգուշացնելով, որ «յոռեգոյնը տակաւին պիտի գայ»,  մինչ, միւս կողմէ, բազմաթիւ երկիրներ կը սկսին մեղմացնել սահմանափակող միջոցառումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»¬ն:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնը չյստակացուց` ինչու կը կարծէ, թէ համաճարակը կրնայ աւելի վատ ընթացք ստանալ: Որոշ մարդիկ, սակայն, մատնանշած են այս հիւանդութեան հաւանական հետագայ տարածումը Ափրիկէի միջոցով, ուր առողջապահական համակարգերը թերզարգացած են:

«Ասիկա շատ վտանգաւոր համադրութիւն է եւ տարածում գտած է, ինչպէս 1918 թուականի Սպանական կրիփը, որ սպաննեց մինչեւ 100 միլիոն մարդ», ըսած է ան լրագրողներուն:

«Սակայն հիմա մենք ունինք ճարտարագիտութիւն, մենք կրնանք կանխարգիլել այս աղէտը, մենք կրնանք առաջքը առնել այս ճգնաժամին: Հաւատացէք մեզի, յոռեգոյնը տակաւին գալիք է: Եկէ՛ք կանխարգիլենք այս աղէտը: Ասիկա ժահր մըն է, որուն մասին տակաւին մարդիկ շատ բան չեն գիտեր», ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Խաղաղական ովկիանոսի արեւմտեան շրջանի տնօրէն Թաքաշի Քասայի յայտարարեց. «Փակումի միջոցառումները փաստեցին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դիմակայման բեռը թեթեւցնելու մէջ իրենց ազդուութիւնը»` շեշտելով. «Պէտք է փակման վերջ տալը քայլ առ քայլ ըլլայ, եւ ժահրի տարածման դիմակայման մէջ թուլութեան ժամանակ չկայ»:

«Եթէ արգելքները ժամանակէն առաջ մեղմացուին, ապա համաճարակի վերադարձ պիտի արձանագրուի», ընդգծեց ան` նշելով. «Բոլորը պէտք է պատրաստուին կեանքի նոր ձեւի մը, որ հասարակութեան կ՛արտօնէ աշխատիլ ժահրը վերահսկողութեան տակ առնելու ջանքերու շարունակման պայմաններուն մէջ: Համաճարակին յարմարելու հոլովոյթը բնական իրավիճակը պիտի ըլլայ մինչեւ ժահրին պատուաստ գտնուիլը», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, Նիւ Եորքի բնակիչները Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան դէմ դատական հայց ներկայացուցին` զայն մեղադրելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակը թաքցնելու եւ արձագանգման առումով անփութութիւն դրսեւորելու մէջ:

Դատական փաստաթուղթերու ելեկտրոնային համակարգի վրայ զետեղուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը նշուի. «Ատիկա հաւաքական հայց է ընդդէմ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ)` անոր անփութութեան իբրեւ հետեւանք դատ բացողին կրած էական վնասին համար, որ ժամանակին «Քորոնա» ժահրը չէ յայտարարած հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ միջազգային նշանակութիւն ունեցող արտակարգ իրավիճակ»:

Բացի ատկէ, հայցատէրերուն կարծիքով` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը չէ կրցած պատշաճ կերպով վերահսկել «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին` Չինաստանի, Հուպէյ նահանգի եւ Ուհան քաղաքին մէջ: Անոնք  կազմակերպութիւնը կը մեղադրեն համապատասխան որոշումներ կայացնելու անկարողութեան մէջ, ներառեալ` ինչպէս արձագանգել «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ առնչուած արտակարգ իրավիճակին, ճամբորդներու եւ առեւտուրի սահմանափակումներու եւ այլն:

«Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անփոյթ յանձնարարութիւններն ու բացթողումները վնաս պատճառած են հայցատէրերուն», կը նշուի մեղադրական եզրակացութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու շրջանային դատարան հայց ներկայացուցած են Ուեսթչեսթըր շրջանի (ուրկէ սկսած է Նիւ Եորքի մէջ համաճարակի բռնկումը) բնակիչներ Ռիչըրտ Քլինկը, Սթիւ Ռոթըրը, Ճենարօ Փուրչիան:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը դադրեցնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը` «Քորոնա» ժահրի մասին ժամանակին տեղեկութիւններ չփոխանցելուն եւ միջազգային ընտանիքին ճշմարտութիւնը չյայտնելուն համար:

Նիւ Եորքի հիւանդապահուհիներու սենտիքան, իր կարգին, Նիւ Եորքի նահանգին դէմ երեք եւ հիւանդանոցներուն դէմ երկու դատական հայց ներկայացուց` պնդելով, որ սենտիքայի անդամ հիւանդապահուհիները նահանգը հարուածած «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ աշխատանքի վտանգաւոր պայմաններու մէջ գտնուած են:

Դատական հայցերէն մէկը կը նշէ, թէ հիւանդապահուհիները ստիպած են հիւանդ վիճակի մէջ աշխատիլ, ինչ որ վտանգ ներկայացուցած է թէ՛ իրենց, թէ՛ ալ ուրիշներու, իսկ այլ հայցի մը մէջ կը նշուի, թէ հիւանդապահուհիները ահաբեկած են եւ արգիլած իրենց կացութեան մասին խօսիլ: Սենտիքան նշեց, թէ հիւանդապահուհիներ նոյնիսկ պատշաճ դիմակով չեն օժտուած: Հիւանդապահուհիներ հայցերուն մէջ նշած են, որ ժահրով վարակուած են իրենց աշխատանքի ընթացքին` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի բաց մը հիմնական դեղերու, ներառեալ` դիմակներու:

Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէ յայտարարեց, որ իր երկիրը այս շաբթուան աւարտէն առաջ պիտի յայտարարէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու համար հաստատուած ընդհանուր մեկուսացումի քայլերու մեղացման ծրագիրներուն մասին, որոնց գործադրութիւնը պիտի սկսի 4 մայիսին:

«Երանի կարենայի «անմիջապէս ամէն ինչ բանանք եւ վաղը առտու սկսինք» ըսել: Սակայն ատիկա ոչ իմաստուն որոշում մը պիտի ըլլար եւ պիտի առաջնորդէ համաճարակի ընթացքին վերահսկողութենէն դուրս մագլցման, ինչպէս նաեւ պիտի վատնէ ցարդ ի գործ դրուած ջանքերը», նշեց Իտալիոյ վարչապետը:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 4674 անձեր եւ 123 ուրիշներ մահացած: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը սակայն նշեց, որ Պոլսոյ մէջ արձանագրուած մահերուն թիւը ցոյց կու տայ, թէ համաճարակը աւելի տարածուած է, քան Թուրքիոյ խոստովանած տուեալները: Օրաթերթը նշեց, որ Պոլսոյ մէջ 9 մարտէն 12 ապրիլ շուրջ 2100 մահ արձանագրուած է, ինչ որ աւելի բարձր է այն թիւէն, զոր թրքական իշխանութիւնները այդ ժամանակ տուած են ամբողջ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած մահերուն վերաբերեալ: «Նիւ Եորք Թայմզ» կ՛աւելցնէ, որ, նոյնիսկ պաշտօնական թիւերուն համաձայն, Թուրքիան վարակուածներու թիւով անցած է Չինաստանին:

Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 9 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 408¬ի, մահացածներունը 9 է: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 1433 մահուան պարագաներ, իսկ ընդհանուր թիւը  42.094¬ի հասած է: Վարակուածներուն թիւը անցած է 784 հազարը: Իրանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 88 անձեր մահացած են, եւ 1297 ուրիշներ վարակուած: Մահացածներուն թիւը բարձրացած 5297¬ի, իսկ վարակուածներունը` 84.802¬ի:

 

 

Նախորդը

Ռուսական Պատկերասփիւռի Կայանը Ցուցադրած Է Արեւմտեան Հայաստանի Քարտեսը. Թրքական Կողմը Արձագանգած Է

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրի Տարածման Ամէնէն Թեժ Պահուն Իրանի Վրայ Միացեալ Նահանգներու Ճնշումը Անմարդկային Էր», Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.