Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան քաղաքային ինքնաշարժի մը ռմբակոծումը, Ժտայտեթ Եապուս շրջանին մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ այդ արարքը ինքնաշարժին մէջ գտնուող քաղաքայինները մահուան վտանգի ենթակայ դարձուցած են: «Այս յարձակումը մաս կը կազմէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած հերթական բռնարարքներու շարքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի այս իմաստով իր ցուցմունքները տուաւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչին, որպէսզի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատուող այս բռնարարքին դէմ:
Միւս կողմէ, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը` հաստատելով այդ շրջանին մէջ լիբանանեան քաղաքային ինքնաշարժը ռմբակոծել կը նշանակէ Լիբանանի եւ Սուրիա գերիշխանութիւններուն դէմ ոտնձգութիւն գործել:
Շէյխ Քապալան աւելցուց, որ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները օրական դրութեամբ կը գործուին թէ՛ Լիբանանի, եւ թէ Սուրիոյ գերիշխանութիւններուն դէմ` փաստելով սիոնական գոյացութեան թշնամական նպատակները:
«Իսրայէլ պատասխանատու է շրջանին մէջ իր գործած բոլոր ոտնձգութիւններուն հետեւանքներուն, որովհետեւ եթէ շրջանին մէջ Իսրայէլի դէմ պատերազմ մը բռնկի, ապա այդ պատերազմը Իսրայէլի շահերուն պիտի չծառայէ: Թշնամի Իսրայէլ կը խաղայ կրակէ գնդակով մը, որ կրնայ իր բռնակալ գոյացութիւնը հրկիզել», շեշտեց շէյխ Քապալան:
Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլի գործած բոլոր ոտնձգութիւններն ու բռնարարքները իրենց կը դնեն միջազգային ընտանիքին, ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին տրամադրութեան տակ` անոնցմէ պահանջելով դատապարտել Իսրայէլը եւ պատժամիջոցներ հաստատել անոր դէմ:
Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կատարեալ գործակցութեան` ապահովելու համար քոյր երկիրներուն շահերն ու անվտանգութիւնը:



