Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան ընդհանուր զօրաշարժին, որ երկարաձգուած է մինչեւ 26 ապրիլ 2020` երաշխաւորելու համար իրենց առողջութիւնը:
Պլոքը կոչ ուղղեց բոլորին` հարկ եղած նախազգուշութիւններուն դիմելու, բնակարաններուն մէջ գործադրելու լիբանանեան պետութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան թելադրանքները, շրջագայութիւնը սահմանափակելու, իսկ փողոցները եւ հրապարակներուն վրայ չհամախմբուելու:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ լիբանանցիները քաղաքացիներուն տունդարձը ապահովելու Լիբանանի կառավարութեան որոշումը ցոյց կու տայ անոր յանձնառութիւնը` քաղաքացիներուն կոչին ընդառաջելու:
Պլոքը դրուատեց նաեւ ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներուն յատկացուելիք ընկերային օժանդակութիւնները` բանակին կողմէ այդ ընտանիքներուն անուանացանկը ճշդելէ եւ որոշ սրբագրութիւններ կատարելէ ետք: Այս շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը խստիւ դատապարտեց այդ անուանացանկերը պատրաստելու ընթացքին որդեգրուած կողմնակալութեան ոճը, ինչպէս նաեւ` անպարկեշտ վարուելակերպը:
Պլոքը հաստատեց, որ կառավարութիւնը յաջողած է երկրին առողջապահական մարզին մէջ, իսկ, անդրադառնալով տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերու բարեկարգումին նպատակով կառավարութեան մշակած ծրագիրին եւ որդեգրելիք քայլերուն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ելեւմտական մարզը բարելաւել դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն քսակէն:



