Մեսրոպեանի աշակերտ Ճիօ Գալուստ ուրախալի նուաճում մը եւս աւելցուց իր անուան դիմաց, խլելով “Beating Corona -2” ճատրակի առցանց մրցաշարքին առաջնութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 3-4 Ապրիլին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին: Ճիօ իր բոլոր 7 մրցումները աւարտեց յաղթանակով: Անոր մրցակիցներու շարքին էին Լիբանանի ճատրակի անցած տարուան ախոյեանն ու Լիբանանի ճատրակի հաւաքականի մէկ այլ անդամ: Կը շնորհաւորենք Ճիօ Գալուստը՝ այս առիթով եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:



