Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 14 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին: Պիտի ճշդուի խորհրդարանի գումարելիք յաջորդ նիստին օրակարգը:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է երկրին ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական մարզի բարելաւման միտող օրէնսդրական աշխատանքն ու օրէնսդրական այդ ընթացքը բիւրեղացնելու գործիքակազմը:
Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահին մօտ շօշափած է լիբանանցիներուն գումարները պահպանելու նկատմամբ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ որեւէ պայմանի բերումով այդ գումարներուն դպչելու մերժումը:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ նախագահեց նաեւ Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին բարձր գնահատեց տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուած կազմակերպուած աշխատանքը` ժողովուրդին հասնելու առումով: Պըրրի գնահատեց նաեւ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն տարած աշխատանքը Լիբանանի, թէ արտերկրի մէջ:



