Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշացած Շնորհակալութիւն

April 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Տագնապ  կ’ապրի  աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան  ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ  անզօր մնացած է  արհեստագիտական նուաճումներով   յոխորտացող  քաղաքակրթութիւնը:

Բոլորս ակամայ  բանտարկեալ  դարձած  ենք  մեր  բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք «Քորոնա» ժահրի  գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան  ամէնօրեայ  թիւերուն: Դադրած են օդային,  ցամաքային, ծովային   հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը:  Համայն աշխարհ  դարձած է  այս ժահրին ողորմութեան գերին:

Աշխարհը կարծէք գլխիվայր դարձած  ըլլար…

Գութ կը հայցենք Բարձրեալէն` մոռնալով, որ   մենք`  մարդն է  իր կողքի  մարդուն  ողբերգութեան  պատճառը…

Հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր  տնտեսական, ընկերային  տագնապներու մէջ խրած   լիբանանցիներուն  հանապազօրեայ տուայտանքներուն վրայ  եկաւ աւելնալու անկանխատեսելին:

Հոկտեմբերի ընկերային պայթումը  ծանրակշիռ եւ անմիջական անդրադարձ ունեցաւ երկրին տնտեսութեան վրայ, վկայ` սնանկացող հաստատութիւնները, բազմացող գործազուրկներու բանակը,  արտագաղթող ընտանիքները:   Արտագաղթ` դէպի ո՞ւր…

Հեղձուցիչ օրերու նախախնամութեան տակ կ’ապրին լիբանանցին եւ լիբանանահայութիւնը:

Արդէն քանի մը ամիսէ  դադրած են  բաբախել լիբանանահայ  առեւտրական, կրթական   հաստատութիւնները:   Ոմանք   վերջնականապէս փակած են իրենց դռները, ուրիշներ  հազիւ  կը պահեն  իրենց գոյութիւնը:  Ապրուստի սղութիւնը  կը  խեղդէ  համեստ   օրապահիկով ապրող հայ ընտանիքները, ո՛ւր մնացին  դպրոցական, համալսարանական  կրթաթոշակները հոգալու  պարտաւորութիւնները, երբ  ընտանիքներու տէրեր հազիւ կամ  մասնակիօրէն կը  գանձեն   իրենց աշխատավարձը:  Չեմ խօսիր բժշկական  խնամատարութեան մասին…  Յուսահատութեան, յուսալքումի մթնոլորտ մը  ծածկած է  Լիբանանի երկնակամարը:

Այս բոլորը  թուղթին  կը յանձնեմ  իբրեւ հայ համայնքի   ճակատագիրով   մտահոգ  հայորդի: Այո՛, կ’ապրինք դժուար  օրեր, սակայն, ի  պատիւ մեր եկեղեցւոյ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու  մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, ապաւինելու ամուր  յենարան մը ունի լիբանանահայ  ընտանիքը,  լիբանանահայութիւնը:

Օրին  հաւանաբար  չանդրադարձանք, սակայն այսօր  պարտինք խոստովանիլ, թէ որքա՛ն  իմաստուն եւ հեռատես քայլ  մըն էր 2020-ը  «Յատուկ խնամքի կարօտ  հայորդիներու տարի»  յայտարարելու  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին որոշումը:

Վեհափառին այս շնորհաշատ քայլին հետեւեցան  Հայ աւետարանական եւ  Հայ կաթողիկէ համայնքները,  հայ  քաղաքական կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը,  բարեսիրական,  մարզական, մշակութային կազմակերպութիւնները, Լիբանան գտնուող եւ Լիբանանով ապրող  մեր ազգային  բարերարները: Բազում  շնորհակալութիւն մեր բոլոր ազգայիններուն,  որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին  օգնութեան կոչերուն:

Շնորհիւ այս զօրաշարժին` սննդանիւթի, դեղորայքի, նիւթական, բժշկական  ծառայութիւններու դրութիւն մը  հաստատուեցաւ Լիբանանի  բոլոր շրջաններուն մէջ  բնակող  լիբանանահայ  կարիքաւոր ընտանիքներուն անխտիր, առանց դաւանական ու   քաղաքական պատկանելիութեան:  Երախտաշատ աշխատանք սկսաւ  կատարել «Քորոնա» ժահրի  կանխարգիլման եւ  տարածման դէմ  միջոցներ  որդեգրելու  նպատակով  կազմուած  «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` առաջնահերթութիւն տալով  հայ համայնքին առողջապահական անվտանգութեան:

Այս յանձնառու   կեցուածքը` ճգնաժամային այս պահուն,  կը թելադրէ մեր  ազգային  ինքնութեան սպառնացող վտանգները միասնաբար  դիմագրաւելու խորհուրդ մը` յանուն  հայապահպանութեան, առաւել եւս զարկ տալու սփիւռքի մնացեալ համայնքներուն մէջ  լիբանանահայութեան առանցքային դերակատարութեան:

Ուրբաթ երեկոյեան  բնակարանիս  զանգը կը հնչէ: Երիտասարդներ   բարեւելէ ետք  յայտնեցին, թէ  ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին կողմէ կը  ներկայանային:  Հարցումներ ուղղեցին եւ  զանազան օժանդակութիւններու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:  Շաբաթ առաւօտեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընկերային  ծառայութեան գրասենեակէն նոյնանման  հարցումներ ուղղուեցան: Միեւնոյնը կրկնուեցաւ` ՀԿԲՄ-ի անունով: Բոլորն ալ  հետաքրքրուեցան,  թէ այլ  ընտանիքներ կը գտնուի՞ն շրջանին մէջ  կամ թէ ունի՞մ  կարօտեալ  ծանօթներ… Այս բոլորին մէջ զիս  յուզողը  դրացի ու  բարեկամ հայուն հասնելու  ոգին է: Խնամքի եւ  օգնութեան կարօտ  հայորդիներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը:

Փութաջան աշխատանքի   լծուած են մեր  յարանուանութիւնները,    քաղաքական կուսակցութիւնները,  բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մամուլը, լսատեսողական աղբիւրները:

Այս բոլորին մէջ  պահ մը հարց  մը կը յառաջանայ մէջս.  իրապաշտ պիտի   ըլլանք, երէկի հայահոծ  համայնքը  չէ այլեւս Լիբանանի հայ համայնքը… Ան  եւս կ’ապրի` հայկական սփիւռքին  բնորոշ  մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելով:

Ճիշդ է, որ  լիբանանահայութիւնը  կը նահանջէ  քանակով,  սակայն հաւատքի եւ  լաւատեսութեան  անփոխարինելի ոգին վառ  կը մնայ  անոր մէջ: Այդ  ոգիին  դրսեւորման ականատեսն  ենք այսօր բոլորս: Այս  ոգին  եւ   գիտակցութիւնն է, որ  վառ պահած  է ու  պիտի պահէ    լիբանանահայութիւնը:

Այո՛, դժբախտութիւններն ու ցաւը  կը միացնեն սրտերը,  քով-քովի կը  բերեն  մարդիկ ու հաւաքականութիւններ: Ահաւասիկ   միասնական  գործելաոճի  իսկական օրինակ մը: Այս  օրինակը  պարտինք  վառ պահել մեր սրտերուն եւ միտքերուն մէջ:  Չընկղմինք  գաւաթ  մը ջուրին մէջ: Իւրաքանչիւրս, մեր կարողութեան եւ  կարելիութեան սահմաններուն մէջ, զօրացնենք մեզ միացնող կամուրջները: Անկասկած  անհրաժեշտ է դասեր  քաղել  նեղ օրերու այս պատուաբեր  կեցուածքէն: Եթէ  այսօր կը գիտակցինք այս բոլորին, ուրեմն վաղը եւս  պարտինք շարունակել ծառայութեան եւ  գիտակցութեան այս ոգիով: Շահողը բոլորս  պիտի  ըլլանք,  լիբանանահայութիւնը` անխտիր:

Պատի՛ւ ու  յարգա՛նք  լիբանանահայութիւնը  կանգուն պահող բոլոր   կառոյցներուն, ազնիւ  հայորդիներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

Յաջորդը

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի Նախաձեռնութիւնները` «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման Եւ Ընկերային Օժանդակութեան Առումով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.