Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի Նախաձեռնութիւնները` «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման Եւ Ընկերային Օժանդակութեան Առումով

April 6, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամային այս օրերուն, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն ձեռնարկած է շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին` կոմիտէութիւնը շաբաթը երկու անգամ կը հականեխէ Արագած շրջանի բոլոր թաղերն ու շէնքերուն մուտքերը:

Նոյն ծիրին մէջ, կոմիտէն հաստատեց նաեւ առաքումի սպասարկութիւն, որպէսզի շրջանի տարեցները ստիպուած չըլլան իրենց տուներէն դուրս ելլելու եւ իրենց առողջութիւնը վտանգի ենթարկելու:

Այս առիթով թէժ գիծ տրամադրուած է` 24/24 ժամի վրայ ժողովուրդին հետ կապի մէջ մնալու համար:

Թիւ 196 հողաշերտ տանող մուտքերը փակուած են` բաց ձգելով միայն մէկ մուտք, որ միշտ կոմիտէութեան հսկողութեան տակ է, որպէսզի ոչ թաղեցիներ մուտք գործելով հոն ապրող 80 ընտանիքներու առողջութեան վտանգ չսպառնան: Աւելցնենք, որ 196 հողաշերտին բնակիչներուն համար ջերմաստիճանի քննութիւն տեղի կ’ունենայ հողաշերտի մուտքին:

Աշակերտներու եւ ուսանողներուն տրամադրութեան տակ դրուած է Արագած ակումբի պատճէնահանող գործիքը, որմէ շրջանի աշակերտներ անվճար կ’օգտուին:

Շրջանի աշակերտներուն տրամադրութեան տակ դրուած են շրջանին մէջ բնակող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք կամաւորաբար առցանց կը հետեւին աշակերտներուն դասերուն:

Կոմիտէն շաբաթական դրութեամբ նարինջ պիտի բաժնէ շրջանի 300 բնակիչներուն, իսկ մանուկներու համար շոր եւ կաթ կ’ապահովէ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու սննդամթերք կը բաժնէ: Սննդամթերքը ամփոփուած է տուփերու մէջ: Իւրաքանչիւր տուփ կը պարունակէ մէկ շաբթուան ուտելիք: 230 կարիքաւոր ընտանիքներ արդէն իսկ ստացած են եւ կը շարունակեն ստանալ սննդամթերքի օժանդակութիւն: Շաբաթական դրութեամբ բանջարեղէն կը բաժնուի շրջանի ժողովուրդին: Իսկ հիւանդներուն կ’ապահովուի դեղորայք:

Այս տագնապալի օրերուն, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն շրջանի մանուկներու ու պատանիներու մտային զարգացման համար անոնց տրամադրութեան տակ դրած է մանկապատանեկան գիրքեր:

 

Նախորդը

Ուշացած Շնորհակալութիւն

Յաջորդը

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.