Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պետական պաշտօններու բաժնեկցութեան վարակին դէմ պայքարիլը շատ աւելի դժուար է, քան` «Քորոնա»-ի վարակին դէմ մղուող պայքարը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պահանջը իրաւացի էր, «իսկ վարչապետ Հասսան Տիապի վարուելակերպը պետական անձնաւորութեան վարուելակերպ էր», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի եւ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կարիք ունի հիւանդանոցային ու բուժման իր մարզը վերատեսութեան ենթարկելու` «Քորոնա»-ի վարակը ամբողջութեամբ դիմագրաւելէ ետք:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Ընդհանուր զօրաշարժի որոշումի գործադրութիւնը բաւական խոցելի է եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան` արտակարգ դրութիւն յայտարարելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ լիբանանցիները ճանչցուած են իրարու հասնելու` կարիքաւորներուն օժանդակելու եւ արտերկրի իրենց քաղաքացիներուն տունդարձը ապահովելու իրենց վարքագիծով: «Այսօր մենք կը գտնուինք այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ  հսկայական ջանքեր ի գործ պէտք է դրուին», ըսաւ Օսէյրան` հաստատելով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը հիմքն է արձանագրուելիք որեւէ յաջողութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ոչ  բարեկարգչական նկատուող առաջին նշոյլները շօշափելի դարձան ելեւմտական մարզի նշանակումներուն մասին սպրդած տեղեկութիւններով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ լիբանանեան ընդդիմութիւնը արդէն իսկ ծանօթ է` աւելցնելով, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը պէտք է իրենց առանցքին մէջ միասնական ներկայանան:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտը Երէկ Ապրեցաւ Խանդավառ Եւ Երաժշտական Պահեր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.