Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-էն Անդին

March 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հնչող բառը փոխուած է: Այս անգամ «Խաղաղութիւն» բառը չէ , որ շատերու կողմէ բառին իսկական իմաստով, իսկ այլոց կողմէ իբրեւ պատրուակ կը հնչէր: Այս անգամ բառը ուրիշ է, բոլորին թշնամին է, վտանգաւոր է,  մահացու է:

Իւրաքանչիւր երկիր ձեւ մը որդեգրեց դէմ դնելու «Քորոնա» ժահրին: Կարգ մը երկիրներ անմիջապէս դադրեցուցին օդանաւային թռիչքները, ուրիշներ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին`  արգիլելով մարդոց երթեւեկը, կան նաեւ երկիրներ, ուր վարակուածներուն թիւին բազմացումէն սարսափ տիրեց:

Քաղաքացիներուն հակազդեցութիւններն ալ տարբեր էին: Ոմանք իրար անցան,  ուրիշներ շատ հանդարտ նախազգուշացան ու վերջ, այլ մարդիկ սկսան whatsapp-ի լրագրութեան, խումբ մըն ալ մթերք ամբարելու վազեց : Ծիծաղելի նկարներն ու անեկթոտները դրական ազդեցութիւն ունին այս իրարանցումին  մէջ:

Այս արտակարգ կացութիւնը վերջին 100 տարուան մէջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ: Մինչեւ օրս չկայ վերջնական բժշկական բացատրութիւն ու սահմանում այս հիւանդութեան գծով: Ուսումնասիրութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են :

Բայց եկէք անցնինք «Քորոնա» ժահրէն անդին : Որո՞ւ միտքէն կ’անցնէր, որ «պիտի արգիլուէր» ձեռնուիլը, համբուրուիլը, գրկախառնուիլը … Ամիս մը առաջ, երբ ընկերներով ճաշարան կ’երթայինք, իւրաքանչիւրը իր հեռախօսին մէջ կ’իյնար` առանց միւսին հետ խօսելու, իսկ հիմա կ’ընդվզինք, կ’ուզենք մեր ընկերները տեսնել: Քիչեր ներկայ կը գտնուին  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագներուն … հիմա կ’ուզենք եկեղեցի երթալ : Դպրոցէն դժգոհող աշակերտները հիմա մտահոգ են ուսումնական ծրագիրով … Գրասենեկային կեանքէ գանգատող պաշտօնեաները իրենց գործով մտահոգ են: Մարզասրահ յաճախելու ծուլացողները ջղային վիճակի մէջ են: ՀՄԸՄ-ի հաւաքներէն յաճախ բացակայող սկաուտները հիմա առցանց հաւաքի ժամուն կը սպասեն, իրենց խմբապետներն ու քոյր _եղբայրները կարօտցած են … Հազար փառք համացանցին, որ կը պահէ մեր կապը: Թէեւ մեկուսացած, բայց կապի մէջ ենք:

Առաւել եւս, տունը շատ ընելիք կայ : Ընթերցանութիւն, ճաշ եփել, տան մաքրութիւն, ձեռային աշխատանք … Աստուծոյ կամքով  այս օրերը պիտի անցնին, եւ մեզի պիտի մնայ արժեւորել մեր ընկերային կեանքի ջերմութիւնը, արժեւորել մեր սիրելիներուն կողքին անցուցած իւրաքանչիւր վայրկեանը … արժեւորել ոչինչ թուացող մեր բոլոր ունեցածները … Այո՛, մենք ունէինք շատ բաներ, որոնց արժէքը չէինք գիտեր …

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կը Միանայ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին

Յաջորդը

Թրամփ Կը Յայտարարէ, Որ «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով «Քիչ Մը Բարկացած» Է Չինաստանէն

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.