Թուրքիան «Քորոնա» ժահրին պատճառով կը փակէ Եւրոպայի հետ սահմանները, որոնք նախապէս բացած էր գաղթականներու ազատ տեղաշարժին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»¬ի թրքական ծառայութիւնը:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշումին մասին շրջաբերական մը ուղարկած է 81 նահանգներու նահանգապետարաններուն:
Շրջաբերականին մէջ նշուած է, որ 19 մարտի կէս գիշերին կը փակուին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ ցամաքային սահմանային անցքերը, եւ կը դադրեցուի երկաթուղային կապը այս երկիրներուն հետ: Կը դադրեցուի նաեւ Յունաստանի հետ ծովային ճամբով կատարուող ուղեւորներու փոխադրութիւնը:
Կը նշուի, որ նշեալ որոշումով կ՛արգիլուի նաեւ Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ վերջին 14 օրուան ընթացքին այդ երկիրներուն մէջ եղած երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն մուտքը Թուրքիա:



