Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՏԻՊԷՆ

January 10, 2012
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ դեկտեմբերին 19 լրագրողներու եւ հաղորդամիջոցներու աշխատաւորներու կալանաւորումը, եւ ատկէ անմիջապէս ետք, 24 դեկտեմբերին մամլոյ 36 աշխատակիցներու ձերբակալութիւնները հաւանաբար Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած եւ հաղորդամիջոցները թիրախ դարձնող ամէնէն ընդարձակ ձերբակալութեան դէպք են:

Սկիզբէն, հիմակուընէ ըսենք, որ արտակարգ իրավիճակ մըն է, որ մեր այս պաշտօնակիցները ձերբակալուած են, եւ թէ` ասպատակութիւնները, յարձակումները իրականացուած են իրենց տուներուն եւ թերթերու գրասենեակներուն մէջ: Ասիկա ժողովրդավարութեանց մէջ աննախընթաց կիրարկում մըն է: Վերջին ալիքը մութ բիծ մը դրաւ Թուրքիոյ մէջ հաղորդամիջոցներու ազատութեան վրայ:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ` ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ

Ձերբակալուած լրագրողներուն մեծ մասը կը բաղկանայ անոնցմէ, որոնք կ՛աշխատակցին «Տիճլէ» լրատու գործակալութեան եւ Էօզկիւր Կիւնտեն օրաթերթին, որ կը հրատարակէ եւ կը սփռէ քրտական քաղաքական շարժումին համահունչ, ներդաշնակ, եւ այս ծիրին մէջ մօտէն կը հետեւի եւ կը հաղորդէ արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) առնչուող զարգացումները: Բացի «քրտական հաղորդամիջոցներէ», լրագրողներ նաեւ ձերբակալուած են ձախակողմեան «Պիրկիւն» եւ հիմնական, ազդեցիկ «Վաթան» օրաթերթերէն: Ձերբակալութիւններու այս ալիքը կը կազմէ ՔԱԿ-ի քաղաքային թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան (ՔՀՄ) դէմ գործողութեան վերջին փուլը, որ 2010-ի աշունէն կը շարունակուի:

Գործողութիւնները նախ թիրախ դարձուցին Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) ղեկավարութենէն քանի մը անդամներ, ապա ձերբակալուեցան ակադեմականներ, եւ հուսկ ապա` մեծ թիւով փաստաբաններ, որոնք կը պաշտպանէին ԽԺԿ-ի եւ ՔՀՄ-ի անդամ կասկածելիներու դատերը: Վերջին քայլը լրագրողները բանտ դրաւ:

Այն փաստը, որ ՔՀՄ-ի գործողութիւնները կ՛ընթանան դասակարգումներով, ցոյց կու տայ գոյութիւնը «համարկուած» ճամբու քարտէսի մը, որ լաւ հաշուարկուած, նախատեսուած է եւ քայլ առ քայլ կը գործադրուի: Եւ կը թուի, թէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինի վերջերս ըրած կարծր յայտարարութիւնը յաջորդ քայլերու ակնարկներ կը պարունակէր:

Շահին ըսաւ. «ԺՀԿ-ն երկարաձգումն է ՔՀՄ-ի եւ անոնց իրական դէմքերը պիտի բացայայտուին»: Նախարարը կ՛ակնարկէր «Տան բակի ահաբեկչութեան»: Սահմանելով, բնութագրելով Տան բակը` ներքին գործոց նախարարը, առանց անուններ տալու, հաշուեց արուեստագէտներ, բանաստեղծներ, համալսարանի բաժանմունքներ, միութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ: Կարելի է ըսել, որ ձերբակալութիւններու վերջին ալիքը մեծ չափով պիտի արգելափակէ հաղորդակցութեանց ալիքները քրտական քաղաքական շարժումին, իր արմատներով:

ՔՀՄ-ԷՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ

Հաղորդամիջոցներու ազատութիւնը կը սահմանէ, կը ներառէ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքը եւ այս տեղեկութեան հանրութեան հաղորդելու իրաւունքը: Ինչպէս պաշտպան փաստաբանները շեշտեցին, հարցաքննութիւններու ատեն ամէնէն անհանգստացնող գործօնը այն է, որ կասկածեալներուն ուղղուող հարցումներուն մեծ մասը կը կեդրոնանայ բնականոն լրագրողական գործունէութեան վրայ` տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի ուղղակի ծիրին մէջ:

Նոյն ատեն, գործողութեան սարսափազդու այլ ուղղութիւն մըն ալ այն է, որ հարցաքննութիւնները չեն սահմանափակուած ՔՀՄ-ով եւ լրագրողական գործունէութեամբ, այլ կասկածեալներու ուղղակի անձական կեանքէն տուեալներ օգտագործուած են եւ ասոր մասին տեղեկութիւն պահանջուած է: Հակաահաբեկչութեան գետնի վրայ տեղի ունեցած հարցաքննութիւն մը վերածուած է անձնական, անհատական կեանքի մասին հարցաքննութեան: Ասիկա նիւթ մըն է, որուն մասին ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները պէտք է բացատրութիւն տան հանրութեան:

Թեմային իսկական մարտահրաւէրի մասը հետեւեալն է. Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) կառավարութիւնը Եւրոպական խորհուրդին եւ Եւրոպական միութեան պաշօնապէս յայտնեց, ուր յանձնառու է Թուրքիոյ մէջ հաղորդամիջոցներու ազատութեան առնչուող խնդիրներուն օրինական լուծումներ գտնելու, եւ այս խոստումները լաւատեսական ակնկալութիւններու յանգեցուցին:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ

Այս ծիրին մէջ արհեստագիտական ուսումնասիրութիւն մը կը նախատեսուի, որ սկսի ընթացիկ յունուարին, Եւրոպայի խորհուրդին հետ: Մինչ յանձնառութիւնը նոր ուղի մը յառաջացուց «հաւատարմագրութեան», որ կառավարութեան պիտի բացուի արեւմտեան աշխարհի մէջ վերջին զարգացումները, լրագրողներու ձերբակալութեան պատճառով բեւեռացող, պիտի ընդհատեն լաւատեսական ակնկալութիւնները:

Արտայայտուելու ազատութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ ձերբակալուած լրագրողներու աճող թղթածրարը դարձած են գրեթէ կարեւորագոյն ընթացիկ փշոտ հարցերը արեւմտեան աշխարհի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ:

Իբրեւ արդիւնք մամլոյ 36 անդամներ եւս աւելցան բուռն, տաք քննարկումներուն մէջ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հաշուարկել կալանաւորուած լրագրողներուն թիւը: Այս պարագային, Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրողներուն իրավիճակը, կացութիւնը սկսած է ներառել վիճակագրութեան դաշտը, առաւել` նշելով մամլոյ ազատութեան առնչուող կացութեան ծանրութիւնը:

Ակնյայտօրէն ԱԲԿ-ի կառավարութիւնը ինքզինք ամբողջովին ազատ կը զգայ` մտածելով, որ արեւմտեան աշխարհը հարց պիտի չստեղծէ ներքին վիճայարոյց գործողութիւններու համար, որովհետեւ Արաբական գարնան եւ Սուրիոյ տագնապին պատճառով Արեւմուտքին համար Թուրքիան անհրաժեշտ է:

Ի վերջոյ, երկիր մը, որ 36 լրագրողներ օրուան մը մէջ կը բանտարկէ, կրնա՞յ Արաբական գարնան համար ներշնչումի նախատիպ ըլլալ:

ՍԵՏԱԹ ԷՐԿԻՆ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ = ՕԴԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱԾ ԼԵԶՈՒ ՄԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ. ԿԻՒԼԵՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՓՈԽԱՐԻՆԱ՞Ծ Է ՈՒՐՈՒԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։