Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Արեւմուտքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Միջին Արեւելքի մէջ քաոսային կացութիւն ստեղծելու` աւելցնելով սակայն, որ Յունաստանը, Սպանիան եւ Փորթուգալը կը գտնուին սնանկանալու սեմին եւ անոնք մօտիկ ապագային տոմինոյի քարերու նման գետին պիտի թափին:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ արեւմտեան ծրագիրներուն յաջողութեան վրայ դրուած գրաւները ցնորքներ են` ընդգծելով, որ նման գրաւներու մասին մտածողները ձախողած, սնանկացած եւ յուսալքուած անձնաւորութիւններ են:
Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ այսօր Դիմադրութեան յաղթանակէն աւելի կարեւոր է լիբանանեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ղեկավարութեանց եւ զինուորական պատասխանատուներուն միջեւ փոխըմբռնումը:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի դէմ նոր ներխուժում մը կամ պատերազմ մը սանձազերծելու առումով Իսրայէլը ետ մղող ուժը Դիմադրութեան կարողութիւնն է եւ ոչ թէ անոր պարկեշտութիւնը` իբրեւ ՄԱԿ-ի որոշումները յարգող պետութիւն:


