
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Համացանցի օրագիրներու» ամբաստանագիրի հարցով թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղի հարցաքննութիւնն ու ձերբակալումը անկասկած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ անհաւատալի նախադէպ մըն է: Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով սպայակոյտի նախկին պետ մը կը հարցաքննուի եւ կը ձերբակալուի, այդ ալ` պետական հարուած պատրաստելու, զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը հիմնելու եւ անոր անդամակցելու, ինչպէս նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործունէութիւնը արգիլել ուզելու մեղադրանքով: Պաշպուղ ոչ միայն հարցաքննուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ, այլ նաեւ արգելափակուեցաւ: Ան առաջին օրը դրուեցաւ Սիլիվրիի բանտի մէկ հոգինոց խցիկի մը մէջ, որմէ ետք անոր արգելարանը պիտի փոխուի:
Պաշպուղ իր ինքնապաշտպանութեան մէջ ըսած էր, որ այսպիսի ամբաստանութեամբ մեղադրուիլն անգամ բաւարար ծանր պատիժ է իրեն համար եւ ինք կը մերժէ բոլոր ամբաստանութիւնները:


